Ինչպէս աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ, այնպէս ալ Գահիրէի մէջ ատրպէյճանական պետական քարոզչամեքենան փորձած է առաւելագոյնս օգտագործել Խոջալուի ատրպէյճանական ձեռակերտ ողբերգութիւնը:

«Նիուզ.ազ» կը հաղորդէ, որ ընթացք առած է Միացեալ Նահանգներու բնակչութիւնը «Խոջալուի ցեղասպանութեան» մասին տեղեկացնելու Անար Մամմատովի հիմնած Ատրպէյճան-Ամերիկա դաշինքի նաձեռնարկած արշաւը։ Դէպքին վերաբերեալ պաստառ- որմազդներ տեղադրուած են Նիւ Եորքի մեթրոյի 34 կայարաններու մէջ եւ պակերասփռումներ կատարուած են Նիւ Եորքի շարք մը փողոցներու շէնքերուն վրայ:

Տարբեր երկիրներու մէջ հայութիւնը արդարութիւն պահանջեց Սումկայիթեան ոճրագործութեան համար

Ամերիկայի, Պելճիքայի, Հոլանտայի եւ այլ երկիրներու մէջ հայ երիտասարդները հաւաքներ կազմակերպեցին Ատրպէյճանի դեսպանութիւններուն առջեւ, բողոքելով եւ արդարութիւն պահանջելով 26 տարի առաջ Սումկայիթի հայ բնակչութեան դէմ գործուած ոճիրին համար:

Եւրոպական Միութիւնը կը սպառնայ պատժամիջոցներ կիրառել
Ռուսաստանի նկատմամբ

Ջղագրգռութեան եւ քարոզչութեան խիստ պայքար կ'ընթանայ ռուսական եւ ուքրանական երկու կողմերուն միջեւ, մինչ համայն մարդկութիւնը հանդիսատես դարձած է Խրիմի «տէ ֆաքթօ» գրաւման պայմաններուն։

ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վահան Յովհաննիսեան ընդունած է երկրի նախագահ Եոաքիմ Կաուքի կողմէ՝ հաւատարմագիրներու յանձնման նպատակով: