«Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը» (International Association of Genocide Scholars - IAGS) 1997-ին միաձայն քուէարկութեամբ որոշում ընդունած է, ըստ որուն, 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործադրուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Անցումային արդարադատութեան միջազգային կեդրոնը 2003-ին ճանաչցած է 1915-ի դէպքերու համապատասխանութիւնը Ցեղասպանութեան հռչակագրի բոլոր դրոյթներուն:
2000 թուականին հրեայ եւ օտար 100 ցեղասպանագէտներ «New York Times»-ի հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութաեմբ, ուր 1915-ին կատարուածը որակած են որպէս ցեղասպանութիւն:
Միջազգային հեղինակութիւն ունեցող խումբ մը գիտնականներ բաց նամակ յղած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ)՝ յայտնելով իրենց մտահոգութիւնը թուրք քաղաքական գործիչ Տողու Փերինչեքի հարցով վերջերս դատարանի կայացուցած վճռին կապակցութեամբ:
Փերինչեք՝ աննշան թրքական կուսակցութեան մը ղեկավարը, 2005ին մեկնած էր Զուիցերիա Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու դիտաւորութեամբ եւ տեսնելու, թէ Զուիցերիոյ իշխանութիւնները պիտի յանդգնի՞ն պատժել զինք այդ մէկը ըրած ըլլալուն համար: Ան Հայոց Ցեղասպանութիւնը լկտիաբար անուանած էր «միջազգային սուտ»:
Ցեղասպանութեանց ուսումնասիրութեամբ զբաղող պատմագէտները իրենց բաց նամակին մէջ նշած են Երւոդատարանի վերոնշեալ որոշման մէջ տեղ գտած պատմական անճշդութիւններն ու բովանդակային սխալները: Նամակի հեղինակները ընդգծած են, որ իրենք վիճարկման չեն ենթարկեր մարդու հիմնարար իրաւունքներէն մէկը հանդիսացող խօսքի ազատութիւնը, այլ կը յայտնեն մտահոգութիւն՝ կապուած 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման հետ: Ի պատասխան դատավճռի այն կէտին, ուր կասկածի տակ կÿառնուին 1915-ի իրադարձութիւնները «ցեղասպանութիւն» եզրաբառով բնորոշելու ճշմարտացիութիւնը, ՄԻԵԴ-ին հղուած բաց նամակին մէջ կը թուարկուին շարք մը անաչառ փաստեր ցեղասպանագէտներու տուած գնահատականներու վերաբերեալ: Նամակի հեղինակները կը վերահաստատեն Հայոց ցեղասպանութեան պատմական հաւաստիութիւնը և ՄԻԵԴ-ի ընդունած որոշումը կը նկատեն որպէս թրքական աւանդական ժխտողականութեան շարունակուելուն նպաստող քայլ:
Բաց նամակի հեղինակները Եւրոդատարանէն կը պահանջեն վերանայիլ վճիռը:
Նամակի տակ իրենց ստորագրութիւնը դրած են 35 գիտնականներ, որոնց շարքին՝
Թաներ Աքչամ - թուրք պատմաբան, Քալիֆորնիայի համալսարան
Թեսսա Հոֆման - իրաւապաշտպան, Պերլինի համալսարանի Արեւելեան Եւրոպայի ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի հետազօտող
Ռիչըրտ Յովհաննիսեան - ամերիկահայ պատմաբան, Քալիֆորնիայի համալսարանի փրոֆեսէօր։
Մարգարէտ Լավինիա Անտըրսըն - հասարակագէտ, «IAGS»-ի նախկին նախագահ
Ճոյս Ափսէլ - Իսրայէլի բաց համալսարանի քաղաքագիտութեան ամպիոնի վարիչ
Փիթըր Պալաքեան - Գրագէտ եւ ընկերային գիտութիւններու փրոֆեսէօր։
Աննետէ Պեքըր - պատմաբան, Փարիզի համալսարանի փրոֆեսէօր։
Տոնալտ Պլոքսհամ - պատմաբան, Էտինպուրկի համալսարանի փրոֆեսէօր։
Ֆրանք Չոլք - պատմաբան, Մոնթրէալի ցեղասպանութեան եւ մարդու իրաւունքներու հիմնարկի փրոֆեսէօր։
Իսրայէլ Չարնի - հոգեբան, պատմաբան, «IAGS»-ի նախկին նախագահ, Երուսաղէմի Ողջակիզումի և ցեղասպանութեան հիմնարկի տնօրէն
Վոլֆկանկ Կուստ - Գերմանացի պատմաբան