Մինչ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առիթով շրջանային եւ միջազգային մակարդակով շնորհաւորութիւնները կը շարունակուէին, երէկ առաւօտեան ժամը 9:25-ին Պէյրութի հարաւային արուարձանները դարձեալ ցնցուեցան ականուած ինքնաշարժներու պայթումներով:

«Ազդակ» կը հաղորդէ թէ անձնասպանական գործողութեան հետեւանք եղող զոյգ պայթումները ցնցեցին Պիր Հասանը՝ պատճառելով 6 զոհ եւ 129 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ նիւթական հսկայական վնասներ:
Լիբանանեան բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, զոյգ պայթումներուն համար օգտագործուած են երկու ինքնաշարժներ: Առաջինը «Պի. Էմ. Տապըլեու. Իքս.5» տիպի ինքնաշարժ մըն էր, որ ականուած էր 90 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթով, իսկ երկրորդը՝ «Մերսետես Էմ. Էլ.» տիպի ինքնաշարժ մը, որ ականուած էր 75 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթով: Երեկոյեան բանակը հրապարակեց նաեւ այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Պուրճ Համուտի մէջ ձերբակալած է «Ռասինկ» ֆութպոլի խումբի անդամներէն Զուհէյր Մրատը, որուն շուրջ կասկածներ կան, թէ ան «Ապտալլա Ազզամի փաղանգներ»-ու անդամ Սրաժէտտին Զրէյքաթի հետ կապեր ունի:
Յայտնենք, որ Մրատ ձերբակալուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ երթալու ժամանակ, ուր պիտի մասնակցէր ֆութպոլի փորձերուն:
Պայթումներէն ժամ մը ետք, Քայիտայի ցանցին պատկանող «Ապտալլա Ազզամի փաղանգներ»-ը «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իրենց անձնական հաշիւին ընդմէջէն ստանձնեցին զոյգ պայթումներուն պատասխանատուութիւնը: Անոնք շեշտեցին, որ այս գործողութիւնը պատասխան է Իրանի կուսակցութեան դէմ՝ նկատի ունենալով սուրիական վարչակարգին կողքին անոր պայքարը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանտերուն մէջ իսլամական բանտարկեալներուն գոյութեան դէմ:
«Ապտալլա Ազզամի փաղանգներ»-ը իրենց գործողութիւնը կոչեցին Իրանեան մշակութային կեդրոնին դէմ կատարուած յարձակում եւ վերահաստատեցին իրենց երկու պահանջները, որոնք են՝ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի մարտիկներուն նահանջը եւ Ռումիէի իսլամական արգելափակեալներուն ազատ արձակումը:
Միւս կողմէ, շրջանին մէջ գտնուող Իսլամական որբանոցին տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Պիր Հասանը թիրախ դարձուցած պայթումներուն պատճառով թեթեւօրէն վիրաւորուած են 11 երեխաներ եւ անոնց պատասխանատու ուսուցչուհին՝ նկատի ունենալով, որ պայթումին պահուն անոնք որբանոցին բակերէն մէկուն մէջ կը գտնուէին: