Երէկ երեկոյեան Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ ծայր առաւ իսկական փողոցային պատերազմ ամիսներէ ի վեր մայրաքաղաքի Եւրոպական հրապարակին վրայ ցոյց կատարողներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ բախումներուն ընթացքին սպաննուած են 6 ոստիկաններ ինչպէս նաեւ քաղաքային ցուցարարներու շարքերուն մէջ եւս արձանագրուած են կորուստներ: