Ֆրանսայի Վիեն քաղաքին մէջ Փետրուար 15-ին տեղի ունեցած է Արցախի ազգային ազատագրական պայքարի 26-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ՝ Վիենի Հայ մշակոյթի տան նախաձեռնութեամբ:
Այս մասին կը հաղորդեն ԼՂՀ ԱԳՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան շրջանակի խօսնակ, Լուարայի պատգամաւոր Ֆրանսուայ Ռոշպլուանը եւ շրջանակի անդամ, Վիենի քաղաքապետ Ժաք Ռեմիյէն հաւաքուածներուն ներկայացուցած են բարեկամութեան շրջա- նակը, անոր հիմնադրման եւ գործունէութեան նպատակներն ու ուղղութիւնները:
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուած է նաեւ Արտակ Հերիքեանի «Մեր Արցախը» շարժանըկարը, որուն աւարտին տեղի ունեցած հարց ու պատասխանի ընթացքին անդրադարձ եղած է Արցախի մէջ առկայ իրավիճակին եւ երկրին մէջ արձանագրուած դրական փոփոխութիւննե- րուն, որոնք կը վկայեն Արցախի կայուն զարգացման մասին:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են Ֆրանսայի մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը, Լիոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխհիւպատոս Վանէր Յարութիւնեանը, Վիենի եւ Ռոն Ալբ շրջանի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, հասարակական գործիչներ: