Փետրուար 16-ին, Պեռլինի Սուրբ Լուիզ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պատարագի ընթացքին Հալլէի Սուրբ Յարութեան հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Գնել Գաբրիէլեանը հոգեհանգստի արարողութիւն կատարեց Սումկայիթի, Պաքուի եւ Գանձակի ջարդերու անմեղ հայ զոհերու, ինչպէս նաեւ քունի մեջ ատրպէյճանցի բարբարոսի ձեռքով նենգաբար կացինահարուած երիտասարդ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին։

Արարողութեան ներկայ եղաւ Գերմանիայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Յովհաննիսեանը դեսպանութեան մի շարք աշխատակիցներու հետ միասին։ Գերմանացի հիւրերու համար պատարագի եւ հոգեհանգիստի արարողութեան ամբողջ ընթացքը զուգահերաբար կը թարգմանուէր գերմաներէնով։
Եկեղեցական արարողութենէն յետոյ Պեռլինի հայ համայնքի մի քանի տասնեակ ներկայացուցիչներ հաւաքւեցան Հայ Եկեղեցական եւ Մշակութային Միութեան ակումբը։ Դեսպան Վահան Յովհաննիսեան հաւաք- ւածներու առջեւ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով, յատկապէս կարեւորելով կազմակերպուած հայութեան համախմբումը Հայրենիքի եւ անկախ ու ինքնուրոյն պետականութեան շուրջ։ Ելոյթը ջերմօրէն եւ գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ հաւաքուածներուն կողմէ, որոնց մէջ կային շատ երիտասարդներ։