Անցած շաբաթավերջին Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հինգ հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ կը ներկայացնէր Զուիցերիոյ, Անգլիոյ, Հոլանտայի, Գերմանիոյ եւ Շուէտի մէջ հաստատուած միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Անցնող ամիսներու ընթացքին յիշեալ կազմակերպութիւններուն աշխատանքին թիրախը դարձած էր ընդհանրապէս Սուրիոյ հարցը ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու ապագան: Այս ուղղութեամբ, անոնք հանդիպումներ ունեցած էին Եւրոպայի պետական պատասխանատուներուն հետ:

Վեհափառ Հայրապետին իրենց կատարած այցելութեան նպատակն էր զրուցել Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած Ժընեւ 2 ժողովին գծով, ուր Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր ներդրում կատարած էր եւ ընդհանրապէս Սուրիական հարցի տագնապի խաղաղ լուծման շուրջ Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտները ունենալ:
Առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետը վերաքաղ մը կատարեց ինը կէտերէ բաղկացած Ժընեւի ժողովին իր փոխանցած պատկերացումին, յատկապէս շեշտելով այն բաժինները, որոնք առնչուած էին քրիստոնեայ համայնքներուն: Ապա, Վեհափառը կարեւորութեամբ ընդգծեց Սուրիան դէպի խաղաղութիւն առաջնորդող գործընթացքի մը հաստատումը, մասնակցութեամբ կառավարութեան, ընդդիմադրութեան եւ բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներուն: Նման գործընթացք մը կþենթադրէ թէ՛ Արաբական Լիկայի եւ թէ՛ ՄԱԿ-ի ամբողջական զօրակցութիւնը, ըսաւ Վեհափառը:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ ան շեշտեց երկու կէտեր.- ա) քրիստոնեայ համայնքները անանջատելի մասն են սուրիական ընկերութեան եւ անոնց ներկայութիւնը խոր արմատներ ունի պատմութեան մէջ: բ) Քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը պէտք է հիմքը ծառայէ Սուրիոյ նկատմամբ առնուելիք որեւէ մէկ քայլի, այս ծիրէն ներս միշտ յարգելով քրիստոնեաներուն իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, որպէս համահաւասար քաղաքացիներ: