Աշխատանքային այցելութեամբ Սոչի գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:

Ուրբաթ, Փետրուար 21-ին, Փարիզի արուարձաններուն մէջ գտնուող Ֆրանսական դիմադրութեան շարժման զոհերուն նուիրուած Մոն Վալերիան յուշահամալիրին մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն՝ նուիրուած նացիներու կողմէ Միսաք Մանուշեանի եւ անոր խումբի անդամներուն գնդակահարման 70-րդ տարելիցին:

Հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի դաժան սպանութենէն 10 տարի անց Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ, Տէյվիտ Սիսիլայն եւ Քոնկրեսին մէջ Հայաստանին աջակցող խումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնէ միացան աշխարհի հայերուն՝ դատապարտելով Ատրպէյճանի կողմէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի ներումը եւ հերոսացումը:

Լաթվիոյ «Նոր համաշխարհային աշխարհագրութիւն» դասագիրքին մէջ, որ լոյս տեսած է 2013-ին, Արցախը ներկայացուած է իբրեւ անկախ պետութիւն:

ԼՈՆՏՈՆ

Ամերիկեան եւ բրիտանական գաղտնի սպասարկութիւնները հետազօտութիւններ կը կատարէին Wikileaks համացանցի կայքէջին եւ Ճուլիան Ասանճի բացայայտումներուն հետեւող ընթերցողներուն մասին: