ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիան ու Իրանը վերջինիս տարածքին մէջ երկու հիւլէական կայան կառուցելու մասին նախնական համաձայնութիւն գոյացուցած են:

Կիրակի, 16 Մարտ 2014-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս բացումը կատարելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած հայ գիրքի 35-րդ համասփիւռքեան ցուցահանդէսին, հայ գիրքը բնութագրեց որպէս «հոգեմտաւոր սնունդի աղբիւր»։

Ուքրանիան եւ միջազգային ընտանիքը հակառակութիւն յայտնեցին ու հանրաքուէն ապօրինի նկատեցին

Պատմական որոշում բնորոշելով Խրիմի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէն, երկրի վարչապետ Սերկէ Աքսիոնոֆ ողջունեց քուէարկութեան արդիւնքը, յայտնելով թէ «Խրիմի խորհրդարանը նիստ պիտի գումարէ վաղը, պաշտօնապէս վաւերացնելու համար Ռուսաստանի դաշնային միութեան մաս կազմելու որոշումը»:

ՓԱՐԻԶ.- Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի հանդիպումը՝ Փարիզի «Շօա» յուշահամալիր-թանգարանի (Memorial de la Shoah) տնօրէն Ժագ Ֆրեժի հետ:

Հինգշաբթի 13 Մարտ 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի առաողջապահական նախարար Ուաէլ Ապու-Ֆաուրը։