ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիան ու Իրանը վերջինիս տարածքին մէջ երկու հիւլէական կայան կառուցելու մասին նախնական համաձայնութիւն գոյացուցած են:
Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Պեհրուզ Քամալվանտի յայտնած է, որ «Ռոսաթոմ»ի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է հա
մաձայնութիւն գոյացնել Իրանի եւ Մոսկուայի միջեւ հիւլէական համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման մասին. այդ համագործակցութիւնը սկսած է 1992-ին ստորագրուած համաձայնագիրով:
Համաձայնութիւնը պիտի ստորագրուի Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան ղեկավար Ալի Աքպար Սալեհիի եւ «Ռոսաթոմ»ի ղեկավար Սերկէյ Քիրիենքոյի միջեւ: