Այս տարի, Մեսրոպաշունչ լեզուով լոյս ընծայուող մամլոյ նահապետին՝ «Հայրենիք»ին 115-ամեակն է: Միեւնոյն ժամանակ, նաեւ անգլերէն լեզուով լոյս տեսնող «Արմինիըն Ուիքլի»-ին ութսունամեակն է:

Այս առթիւ պիտի ներկայացուի «Հայրենիք»ի նոր ե-հրատարակութիւններու շարքը:

Առաջին հերթին, յաջորդաբար Ապրիլին եւ Մայիսին, դրամահաւաքի ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին Նիւ Ճըրզիի եւ Շիքակոյի մէջ: Իսկ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերին, Պոսթընի մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիսութիւն: