- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Անցեալ Ուրբաթ առաւօտեան, զինեալ խմբաւորումներու կողմէ յարձակման ենթարկուեցաւ Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապ բնակավայրը եւ շրջակայքը: Յարձակողները ներխուժեցին Թուրքիոյ տարածքէն: Յարձակման թիրախը սկզբնապէս կազմեց Քեսապի մաս կազմող Սեւ աղբիւր գիւղը, որու շրջակայ բարձունքները գրաւուեցան:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ՈՒՇ ԳԻՇԵՐԻՆ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Ուրբաթ առաւօտեան զինեալ ուժերու թրքական սահմանէն Քեսապ ներթափանցումի առաջին իսկ ժամերէն սկսեալ, Արամ Ա. կաթողիկոս մօտէն հետեւեցաւ ստեղծուած կացութեան։ Այս ուղղութեամբ վեհափառ հայրապետը մնայուն կերպով կապեր հաստատեց Հալէպի, Լաթաքիոյ, Դամասկոսի եւ Լիբանանի հոգեւոր, համայնքային ու քաղաքական պատասխանատուներուն հետ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ անոնց հետ։
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Սփիւռքի մէջ հայերէնը կը նահանջէ։ Վտանգուած է։
Այլ կերպ ըսած՝ հսկայական ներդրումի պէտք ունի։
Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարարուհի Օրելի Ֆիլիփեթի «Էքսփրէս» շաբաթերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցի մը մէջ կ’անդրադառնայ շրջանային կամ փոքրամասնութեանց լեզուներու եւրոպական ուխտի վաւերացման հարցին:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Վստահաբար անհաւատալի պիտի նկատէին շատեր նման լուր մը, այսուհանդերձ լուսանկարները ինքնին խօսուն են, ցոյց տալով թուրք իմամ մը որ Քուրանը կ'ընթերցէ Յիսուս Քրիստոսի սրբանկարին տակ:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան (JICA) նախաձեռնութեամբ՝ սկիզբ առած է կովկասեան երկիրներու զբօսաշրջութեան զարգացման նուիրուած միջոցառումներու շարք մը: