Զուիցերիոյ դաշնակցային կառավարութեան արդարադատութեան նախարարութեան համացանցային կայքին վրայ Երեքշաբթի, Մարտ 11ին տեղադրուած յայտարարութենէ մը կ՛իմանանք, թէ Զուիցերիոյ իշխանութիւնները պիտի դիմեն Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի գերագոյն մարմինին՝ Մեծ պալատին, վերատեսութեան ենթարկելու համար թուրք ազգայնամոլ Տողու Փերինչեքի հարցով ատեանին արձակած Դեկտեմբեր 17ի վճիռը:

Արդարադատութեան նախարարութիւնը կը շեշտէ, թէ նման վերատեսութիւն մը հարկաւոր է՝ յստակացնելու համար Զուիցերիոյ իշխանութեան կողմէ ազգայնամոլութեան դէմ պայքարելու նպատակով վաւերացուած օրէնքներու սահմանները:
Նախարարութիւնը կը յիշեցնէ, թէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտը իրաւունք կու տայ դիմելու Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի գերագոյն մարմինին, երբ լուրջ տարակարծութիւններ կը ծագին ուխտի կէտերուն մեկնաբանութեան կամ գործադրութեան շուրջ: «Այս պարագային, Զուիցերիոյ գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է իմանալ տեղական իշխանութեանց կողմէ վաւերացուած հակացեղապաշտական օրէնքներ պարտադրելու լիազօրութիւններուն սահմանները: Յունուար 1, 1995ին ի զօրու դարձած նշեալ օրէնքը (Art. 261bis CC) վաւերացուած էր՝ երկիրի օրէնքները յարմարացնելու համար ՄԱԿի Ցեղային խտրականութեան վերացման ուխտին», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը ապա կը բացատրէ, թէ ինչպէս Փերինչեք Մարտ 9, 2007ին պատժուած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալուն համար, որմէ ետք տեղական ու Զուիցերիոյ Գերագոյն ատեանը մերժած էին այդ պատիժը բեկանելու Փերինչեքի փորձերը, սակայն Դեկտեմբեր 17ին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը վճռած էր, թէ Ցուիցերիոյ դատական իշխանութեանց այս պատիժը ոտնակոխում մըն է Փերինչեքի ազատ արտայայտուելու իրաւունքին:
Յիշեցնենք, թէ շարք մը հայկական եւ օտար կազմակերպութիւններ կոչ ըրած էին Զուիցերիոյ իշխանութեանց, որ Փերինչեքի ի նպաստ արձակուած Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին վճիռը վերատեսութեան ենթարկելու դիմում կատարէ: Դիմումը պէտք է կատարուի մինչեւ Մարտ 15:
Այս քայլով Զուիցերիան իր օրէնսդրութիւնը պաշտպանելու ճիգ կ՛ընէ, միաժամանակ կ՛ընդառաջէ համայն հայութեան ակնկալիքին՝ Դեկտեմբեր 17ի որոշումը բողոքարկելով հնարաւորութիւն ստեղծել ՄԻԵԴի որոշումին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող խնդրայարոյց հաստատումները սրբագրելու: Անշուշտ, այս գործընթացը տակաւին ունի քանի մը հանգրուաններ, որոնցմէ առաջինը պիտի ըլլայ ՄԻԵԴի Մեծ պալատին կողմէ Զուիցերիոյ բողոքը ընդունելու կամ չընդունելու որոշումը: ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերը ամէնուրեք, հայութեան տարբեր հատուածները ներկայացնող այլ կառոյցներու հետ, դիմած էին Զուիցերիոյ իշանութիւններուն՝ նման որոշում մը կայացնելու համար: Այժմ, համազգային համախոհութիւն եւ հնարաւորութիւններու լարում կը պահանջուի: