Մարտերը կը Շարունակուին

Անցեալ օր, կէս գիշերին, սուրիական բանակը վերագրաւեց Էքի Զոլուխն ու 45 կէտը։
Այս մասին կը յայտնեն արաբական աղբիւրներ՝ հրապարակելով վերագրաւման տեսանիւթը։

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ - Հայ եւ յոյն աշակերտներ հրդեհէ փրկեցին ծերունի մը

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ թէ Երկուշաբթի, Մարտ 17ի առաւօտեան, դադարի մը ընթացքին, նախաճաշի մը համար դպրոցէն առանց արտօնութեան դուրս եկած երեք աշակերտներ՝ Կարէն Կեցոյեան, Քիրիլ Եանթքով եւ Փիթըր Քրավարիոթիս, հերոսական արարքի մը դիմած են՝ այրող բնակարանէ մը փրկելով 94ամեայ ծերունի մը:

20-24 Մարտ, 2014-ին Պոսթընի մէջ Հ.Օ.Մ.-ի Կ.Վ.ը գումարեց իր 22-րդ լիագումար նիստը: Կազմակերպական, մարդասիրական բազմաբնոյթ օրակարգերու շարքին, կարեւորութեամբ քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի նշման միջոցառումները եւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները:

Միջազգային եւ տեղական կազմակերպութիւններ 
օժանդակութիւն կը տրամադրեն

Հալէպի Լրատուական գրասենեակը «Ազատ Օր»ին կը հաղորդէ թէ 24 Մարտ 2014ի, Ժամը 16:30ին, մօտաւորապէս կէս ժամուան մէջ Նոր Գիւղի շրջանին մէջ, ճշգրտօրէն Ս.Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (որ ծանօթ է Զուարթնոց եկեղեցի անունով) շրջակայքը եօթ հրթիռ եւ հրասանդ տեղաց:

Առաջին օրերու լռութենէն յետոյ՝ Թուրքիոյ մէջ նոյնիսկ սկսան հնչել կարծիքներ, թէ Քեսապի վրայ «Ալ Քայտա»ի ահաբեկիչներու յարձակումը կազմակերպած էր Թուրքիան, ու յատկապէս՝ Էրտողանի կառավարութիւնն ու կուսակցութիւնը։