ՓԱՐԻԶ.- Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի հանդիպումը՝ Փարիզի «Շօա» յուշահամալիր-թանգարանի (Memorial de la Shoah) տնօրէն Ժագ Ֆրեժի հետ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկու հաստատութիւններուն միջեւ համատեղ հետազօտութիւններ, կրթական ծրագիրներ եւ տեղեկատուութեան փոխանակման ոլորտներու մէջ համագործակցութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարին ուղղուած համատեղ ծրագիրերու մշակման հարցեր:
Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հրէական Ողջակիզման մասին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ համատեղ ցուցահանդէսներ կատարելու համաձայնութիւն գոյացած է, եւ կ՛ակնկալուի յառաջիկայ ամիսներուն ստորագրել երկու հաստատութիւններուն միջեւ համագործակցութեան պաշտօնական յուշագիր մը: