Ուքրանիան եւ միջազգային ընտանիքը հակառակութիւն յայտնեցին ու հանրաքուէն ապօրինի նկատեցին

Պատմական որոշում բնորոշելով Խրիմի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէն, երկրի վարչապետ Սերկէ Աքսիոնոֆ ողջունեց քուէարկութեան արդիւնքը, յայտնելով թէ «Խրիմի խորհրդարանը նիստ պիտի գումարէ վաղը, պաշտօնապէս վաւերացնելու համար Ռուսաստանի դաշնային միութեան մաս կազմելու որոշումը»:

Քուէաթերթիկներու 75%ը արդէն հաշուառուած է, ուրկէ ի յայտ եկած է Ռուսաստանի միացման որոշման թեր քուէարկած ժողովուրդի տոկոսը, որ կը կազմէ 95.9%:
Եւրոպական Միութիւնը եւ Ամերիկան ապօրինի եւ հակասահմանադրական բնորոշեցին արդիւնքը, յայտնելով թէ պիտի չճանչնան նման որոշում, իսկ արդէն անցած են Մոսկուայի դէմ պատժամիջոցներու կիրարման:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամայի հետ, յայտնելով թէ Խրիմի հանրաքուէն միջազգային իրաւունքի սահմանումներու մէջ է: Չինաստանը ձեռնպահ մնացած է, հանդարտութեան կոչ ուղղելով:
Ուքրանիոյ վարչապետ Արսենի Եացենիւկն ըսած է, որ անջատողական գործողութիւններու բոլոր հեղինակները եւ նախաձեռնողրները՝ դատական պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին: