Թրքական տարածքներէ հայկական Քեսապ գիւղին վրայ յարձակումին իբրեւ հետեւանք Թուրքիա տարուած 18 քեսապահայեր, այս առաւօտ կանուխ ժամերուն հասան Լիբանան:

Պոլիս-Պէյրութ թռիչքով Լիբանան ժամանած քեսապահայերը Թուրքիա տարուած միջոցին բնականաբար ո՛չ անցագիր, ո՛չ ալ համապատասխան փաստաթուղթ ունէին:

Կուսակցութեան պատկան մարմիններու եւ ազգային իշխանութիւններուն կողմէ հետեւողական աշխատանք տարուեցաւ Պէյրութէն ապահովելու համար անոնց անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, որպէսզի կարենան ժամանել Պէյրութ:
Իրենց համար եցութեան վայրեր ապահովուած են: