«­Հա­յաս­տա­նի Եւ­րո­պա­ցի ­Բա­րե­կամ­ներ» կազ­մա­կեր­պու­թեան մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թե­նէն յայտ­նած են, որ Ա­րա­կո­նի խորհր­դա­րա­նը որ­դեգ­րած է հռչա­կա­գիր մը, որ կը ճանչ­նայ եւ կը դա­տա­պար­տէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:

altՀա­րա­ւա­յին Օ­սի­թիոյ խորհր­դա­րա­նը կը քննար­կէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցը: Այս մա­սին յայտ­նած է խորհր­դա­րա­նի խօս­նակ Ա­նա­թո­լի Պի­պի­լով,- կը հա­ղոր­դէ panarmenian.net:

Վա­լեն­սիոյ մար­զի Ալ­զի­րա քա­ղա­քը լրա­ցուց սպա­նա­կան այն 11 քա­ղաք­նե­րուն շար­քը, ո­րոնք պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցած են Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «­Հա­յերն Այ­սօր»ը՝ վկա­յա­կո­չե­լով Վա­լեն­սիոյ «Ա­րա­րատ» հայ­կա­կան միու­թիւ­նը:

­alt25 ­Նո­յեմ­բե­րին Ար­դար ­Ռու­սիա կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­Սեր­կէյ ­Մի­րո­նով յայ­տա­րա­րած է, որ մտա­դիր է ­Ռու­սիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ քննարկ­ման ներ­կա­յաց­նե­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րէն­քի նա­խա­գիծ:

altԵւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դի Խորհր­դա­րա­նա­կան Վե­հա­ժո­ղո­վը (Ե.Խ.Խ.Վ.), յու­նո­ւա­րեան իր նիս­տի ըն­թաց­քին, բա­ցի Ռա­պըրթ Ո­ւոլ­թը­րի մշա­կա­ծէն, կրնայ ըն­դու­նիլ հա­կա­հայ այլ բա­նա­ձեւ մը եւս: Ար­դա­րեւ, Նո­յեմ­բեր 23ին, Ե.Խ.Խ.Վ.ի ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վը պի­տի քննար­կէր պոս­նիա­ցի ե­րես­փո­խա­նու­հի Մի­լի­չա