Վա­լեն­սիոյ մար­զի Ալ­զի­րա քա­ղա­քը լրա­ցուց սպա­նա­կան այն 11 քա­ղաք­նե­րուն շար­քը, ո­րոնք պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցած են Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «­Հա­յերն Այ­սօր»ը՝ վկա­յա­կո­չե­լով Վա­լեն­սիոյ «Ա­րա­րատ» հայ­կա­կան միու­թիւ­նը:

Նո­յեմ­բեր 25ին Ալ­զի­րա­յի քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դի նիս­տին, բո­լոր 5 կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը («­Քոմփ­րո­միս», Ըն­կեր­վա­րա­կան, Ժո­ղովր­դա­կան, «­Ձախ միու­թիւն» եւ «­Սիու­տա­տա­նոս») միա­ձայն կողմ քո­ւէար­կե­ցին «Ա­րա­րատ» հայ­կա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած բա­նա­ձե­ւին` 20րդ դա­րու ա­ռա­ջին սպան­դը ո­րա­կե­լով ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րով եւ դա­տա­պար­տե­լով Թուր­քիոյ ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը:

Նա­խօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ, քա­ղա­քա­պետ Տիե­կօ Կո­մեզ հայ­կա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն խոս­տա­ցաւ` բա­նա­ձե­ւը հասց­նել այլ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու, յատ­կա­պէս` Վա­լեն­սիոյ եւ Ս­պա­նիոյ խորհր­դա­րան­նե­րուն: Այս հան­դի­պու­մը, ո­րուն հայ­կա­կան միու­թեան կող­մէ ներ­կայ էին նա­խա­գահ Ա­րա­րատ Ղու­կա­սեան, միու­թեան ան­դամ­ներ Սեր­գէյ Ղաղ­րա­մա­նեան ու Ար­սէն Ա­բա­սեան, հնա­րա­ւոր դար­ձած էր վեր­ջի­նիս շնոր­հիւ:

Քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դի նիս­տին ներ­կայ էին հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Նախ­քան բա­նա­ձե­ւը քո­ւէար­կու­թեան դնե­լը, նա­խա­գահ Ա­րա­րատ Ղու­կա­սեան հա­կիրճ ներ­կա­յա­ցուց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­ներն ու պատ­ճառ­նե­րը, օ­րո­ւան պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ Թուր­քիոյ կող­մէ ի­րա­գոր­ծո­ւած ո­ճի­րը ճանչ­նա­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնն ու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը բո­լոր պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րուն կող­մէ: Այ­նու­հե­տեւ Ղու­կա­սեան քա­ղա­քա­պետ Տիե­կօ Կո­մե­զին (Diego Gomez) նո­ւի­րեց 100րդ տա­րե­լի­ցի խորհր­դա­նիշ ան­մո­ռու­կի կրծքան­շա­նը` յոր­դո­րե­լով չմոռ­նալ եւ շա­րու­նա­կել պայ­քա­րը մին­չեւ տրա­մա­բա­նա­կան ա­ւար­տը:

Քո­ւէար­կու­թե­նէն ետք, Ե­րե­ւա­նի պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցի ա­ռա­ջին տա­րո­ւան ու­սա­նող, ջու­թա­կա­հար Էդ­մոնդ Յով­հան­նի­սեան խորհ­դա­կան­նե­րուն եւ ներ­կա­նե­րուն հրամ­ցուց Կո­մի­տա­սի «Կ­ռունկ»ը, ո­րուն հե­տե­ւե­ցան բուռն ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ:

Եւ այս­պէս, Ալ­զի­րա դար­ձաւ Ս­պա­նիոյ թա­գա­ւո­րու­թեան 12րդ քա­ղա­քը, որ ճանչ­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: