«Հայաստանի Եւրոպացի Բարեկամներ» կազմակերպութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ Արակոնի խորհրդարանը որդեգրած է հռչակագիր մը, որ կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Երեսփոխան Կրեկորի Պրիզ Սանչեզի մշակած բնագիրը յարգանքի տուրք կը մատուցանէ աւելի քան 1,5 միլիոն հայերուն, որոնք սպաննուած են Օսմանեան Կայսրութեան ծաւալած գործողութիւններուն պատճառով: Երեսփոխանը թրքական կառոյցներուն, ներառեալ` թրքական կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` ընդունելու այս պատմական իրողութիւնը:
Հաշուի առնելով, որ 2015ը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակն է, միջազգային շարք մը կազմակերպութիւններ, ներառեալ` Եւրոպական Խորհրդարանը եւ քաղաքական մարմիններ, Ցեղասպանութեան 100ամեակը յիշատակած են: Ֆրանչիսկոս Պապը նոյնպէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ապրիլ 2015ին որդեգրած հռչակագիրով: Այս բոլոր իրողութիւնները ամփոփուած են Արակոնի խորհրդարանին որդեգրած փաստաթուղթին մէջ:
Ըսուածին կողքին, բանաձեւը յարգանքի տուրք կը մատուցանէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին` ի նշան համերաշխութեան եւ եւրոպական արդարութեան: Բանաձեւը կ՛ընդգծէ, որ Եւրոպական Միութիւնը ցեղասպանութեան կանխարգիլումը եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու դատապարտումը պէտք է ընդունի իբրեւ բարձրագոյն առաջնահերթութիւն:
Բանաձեւը Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ՝ օգտագործելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը` իբրեւ ճանաչման կարելիութիւն, բանալու թրքական արխիւները եւ ընտրելու հաշտեցման ուղին թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ: Բանաձեւը նաեւ կ՛ընդգծէ, որ թուրք մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու ստուար զանգուած մը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչի հիման վրայ կը յորդորէ նաեւ թուրք պետական կառոյցներուն վարուելու նոյն ձեւով:
«Բաւական յուսադրող է տեսնել, որ այս տարի ոչ միայն եւրոպական երկիրները, այլ նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներ եւ շրջանային խորհըրդարաններ որդեգրած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր»,- կ՛ըսէ «Հայաստանի Եւրոպացի Բարեկամներ» կազմակերպութեան ղեկավար Էտուարտօ Լորենցօ Օչուա: «Ես կը կարծեմ, որ ասիկա կարելի է ընդունիլ իբրեւ Թուրքիոյ ուղղուած ուղերձ, թէ Եւրոպան կը սպասէ, որ Թուրքիան ճանչնայ իր սեփական պատմութիւնը: Այսօր յստակ ազդանշան կ՛ուղղէ նաեւ հայերուն: Արակոնցիները կանգնած են հայերուն կողքին` ճանչնալով 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը»,- աւելցուցած է Օչուա: