altՀա­րա­ւա­յին Օ­սի­թիոյ խորհր­դա­րա­նը կը քննար­կէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցը: Այս մա­սին յայտ­նած է խորհր­դա­րա­նի խօս­նակ Ա­նա­թո­լի Պի­պի­լով,- կը հա­ղոր­դէ panarmenian.net:

«­Մենք կը ցա­ւինք, որ Հա­րա­ւա­յին Օ­սե­թիան մին­չեւ այ­սօր չէ ճանչ­ցած հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Այժմ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­դուն­ման հար­ցը մտած է հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նի օ­րա­կարգ եւ պի­տի դրո­ւի քննարկ­ման: Անհ­րա­ժեշտ է Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ո­րա­կել որ­պէս յան­ցա­գոր­ծու­թիւն եւ դա­տա­պար­տել ցե­ղաս­պա­նու­թեան մերժ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը»,- ը­սած է Պի­պի­լով, կը գրէ Sputnik Ար­մե­նիան:

Խօս­նա­կը նշած է, որ «ե­թէ հա­մաշ­խար­հա­յին գեր-տէ­րու­թիւն­նե­րը այս հար­ցով կ­՛ա­ռաջ­նոր­դո­ւին տար­բեր շա­հե­րով, Հա­րա­ւա­յին Օ­սե­թիոյ մէջ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը կաս­կա­ծի տակ չի դրո­ւիր, այդ իսկ պատ­ճա­ռով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան եւ յի­շո­ղու­թեան պահ­պան­ման սկզբունք­նե­րով` կա­րե­ւոր է ճանչ­նալ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու եւ հա­յե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րու փաս­տը»:

Պի­պի­լով ը­սած է, որ Հա­րա­ւա­յին Օ­սե­թիոյ կող­մէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցը այ­սօր չէ, որ ա­ռա­ջա­ցած է, սա­կայն հի­մա նոր ի­մաստ ու նշա­նա­կու­թիւն ստա­ցած է:

«­Հա­շո­ւի առ­նե­լով ռու­սա­կան օ­դա­նա­ւը հա­րո­ւա­ծե­լու վեր­ջին մի­ջա­դէ­պը եւ զայն գնա­հա­տե­լով որ­պէս թշնա­մա­կան դրսե­ւո­րում մեր գլխա­ւոր ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կից Ռու­սիոյ նկատ­մամբ` կը կար­ծեմ, որ ան­պատ­կառ Թուր­քիոյ միակ հա­մար­ժէք պա­տաս­խա­նը, շարք մը այլ հա­մա­լիր պա­տաս­խան քայ­լե­րու հետ միա­տեղ, պի­տի ըլ­լայ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը»,- ընդգ­ծած է խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը:

Նա նաեւ նշած է, որ Հա­րա­ւա­յին Օ­սե­թիոյ չ­՛ան­հանգս­տաց­ներ Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վատ­թա­րա­ցու­մը, քա­նի որ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ գրե­թէ չկան: Նոյ­նը, խօս­նա­կին կար­ծի­քով, կը վե­րա­բե­րի Ատր­պէյ­ճա­նին, որ Հա­րա­ւա­յին Օ­սե­թիոյ գոր­ծըն­կե­րը չէ: