alt17 ­Նո­յեմ­բե­րին Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Լ­րագ­րող­նե­րու ա­կա­նա­տե­սի վկա­յու­թիւն­ներ՝ զի­նեալ տագ­նապ­նե­րու ըն­թաց­քին. ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի պա­րա­գան» խո­րա­գի­րով ձեռ­նարկ, ո­րուն ըն­թաց­քին ի­րենց վկա­յու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին լրագ­րող­ներ ­Տա­նա ­Մա­զա­լո­վա, Ց­ւե­տա­նա ­Փաս­քա­լե­ւա եւ

Ան­նա ­Կա­րա­պե­տեան: Ա­նոնք ­Ղա­րա­բա­ղեան ­Տագ­նա­պի տար­բեր ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րուն գտնո­ւած են Ար­ցախ, ի­րո­ղու­թիւ­նը վա­ւե­րագ­րած՝ զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն մին­չեւ զի­նա­դա­դար:

­Ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նին մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հետ ­Բա­րե­կա­մու­թեան ­Խում­բին եւ Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ, Եւ­րո­պա­կան ­Խոր­հուր­դի ե­րես­փո­խան դոկտ. Է­լէ­նի ­Թէո­խա­րու­սի (­Կիպ­րոս, Ե.Ժ.Կ.) հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ: ­Դոկ­տոր ­Թէո­խա­րուս ­Ղա­րա­բա­ղեան ­Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն կա­մա­ւո­րա­բար գտնո­ւած է Ար­ցախ` իբ­րեւ վի­րա­բուժ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ:

Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի հա­ղոր­դակ­ցու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու ­Պե­տօ ­Տէ­միր­ճեա­նի կող­մէ ձեռ­նար­կին բա­ցու­մէն ետք, խօսք ա­ռին դոկտ. ­Թէո­խա­րուս եւ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան ­Թա­թուլ ­Մար­գա­րեան: Է. ­Թէո­խա­րուս ան­գամ մը եւս հաս­տա­տեց իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին եւ ա­նոր ա­զատ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին:

Ա­պա՝ Ց­ւե­տա­նա ­Փաս­քա­լե­ւա ը­սաւ, որ Ատր­պէյ­ճան պէտք է դադ­րեց­նէ իր յար­ձա­կո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ ո­րե­ւէ վայր­կեան կը սպառ­նայ պա­տե­րազ­մի վե­րա­ծո­ւիլ: Ան յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն ընդգ­ծեց, որ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը իր զո­հո­ղու­թեամբ յաղ­թեց եւ կեր­տեց խա­ղաղ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը: ­Ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ ­Փաս­քա­լե­ւա­յի նկա­րա­հա­նած ժա­պա­ւէն­նե­րէն մին` ռազ­մա­կան դա­ժան տա­րի­նե­րուն նկա­րա­հա­նո­ւած եւ ներ­կա­յիս խա­ղաղ պայ­ման­նե­րուն մէջ ա­ւար­տած:

Իր կար­գին չեխ լրագ­րող ­Տա­նա ­Մա­զա­լո­վա ներ­կա­յա­ցուց իր վկա­յու­թիւն­նե­րը` կեդ­րո­նա­նա­լով ­Խո­ճա­լո­ւի եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­րոզ­չու­թեան վրայ: ­Մա­զա­լո­վա անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Ատըր­պէյ­ճա­նի ներ­կա­յի հա­կա­հայ եւ հա­կա­ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ի­րա­կա­նու­թեան: Ա­պա՝ լրագ­րող Ան­նա ­Կա­րա­պե­տեան իր վկա­յու­թիւն­նե­րը տո­ւաւ 1994 ­Մա­յի­սի զի­նա­դա­դա­րին մա­սին:

­Յա­ջոր­դեց հարց-պա­տաս­խան, ո­րու ըն­թաց­քին ներ­կայ գտնո­ւող ե­րես­փո­խան­նե­րը կրկին ան­գամ հաս­տա­տե­ցին ի­րենց նե­ցուկն ու օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը Ար­ցա­խին եւ վե­րա­հաս­տա­տե­ցին ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ա­զատ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը:

Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Գաս­պար ­Կա­րա­պե­տեան կա­րե­ւոր նկա­տեց այս ձեռ­նար­կը` ը­սե­լով, որ «եւ­րո­պա­կան կա­ռոյց­նե­րը, եւ­րո­պա­կան զա­նա­զան եր­կիր­նե­րը պէտք է ճիշդ եւ լաւ ձե­ւով ի­րա­զեկ պա­հո­ւին Ար­ցա­խի հար­ցին մա­սին եւ Ատր­պէյ­ճա­նի քա­րոզ­չու­թեան դէմ դրո­ւի: Այ­սօր, այս խի­զախ լրագ­րող­նե­րը ի­րա­կա­նու­թեամբ, ար­դա­րու­թեամբ, ի­րենց վկա­յու­թիւն­նե­րով ի­րենց ձայ­նե­րը բարձ­րա­ցու­ցին Եւ­րո­պա­յի կեդ­րո­նին մէջ` «խա­ւիա­րա­յին» դի­ւա­նա­գի­տու­թեան դէմ»: