altԵւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դի Խորհր­դա­րա­նա­կան Վե­հա­ժո­ղո­վը (Ե.Խ.Խ.Վ.), յու­նո­ւա­րեան իր նիս­տի ըն­թաց­քին, բա­ցի Ռա­պըրթ Ո­ւոլ­թը­րի մշա­կա­ծէն, կրնայ ըն­դու­նիլ հա­կա­հայ այլ բա­նա­ձեւ մը եւս: Ար­դա­րեւ, Նո­յեմ­բեր 23ին, Ե.Խ.Խ.Վ.ի ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վը պի­տի քննար­կէր պոս­նիա­ցի ե­րես­փո­խա­նու­հի Մի­լի­չա

Մար­քո­վի­չի պատ­րաս­տած բա­նա­ձե­ւի նա­խա­գի­ծը, որ կը կրէ «Ատ­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­կից շրջան­նե­րու բնա­կիչ­նե­րը դի­տա­ւո­րեալ կեր­պով զրկո­ւած են ջու­րէ» խո­րա­գի­րը:

Այդ տե­ղե­կագ­րին մէջ կը խօ­սո­ւի Թար­թա­ռի գե­տին վրայ կա­ռու­ցո­ւած եւ այ­սօր «գրա­ւեալ» Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տա­րած­քին գտնո­ւող Սար­սան­քի ջրամ­բա­րին եւ շրջա­նի ատր­պէյ­ճան­ցի բնակ­չու­թիւ­նը ա­նոր ջու­րե­րէն «դի­տա­ւո­րեալ կեր­պով զրկել»ու հար­ցին մա­սին:

Այս ա­ռըն­չու­թեամբ հարկ է նշել, որ բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ Լ.Ղ.Հ. իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ջու­րե­րու միաս­նա­բար գոր­ծա­ծու­թեան շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կե­լու ա­ռա­ջարկ ներ­կա­յա­ցու­ցած են ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մին: Հե­տաքրք­րա­կան է նաեւ այն փաս­տը, որ պոս­նիա­ցի ե­րես­փո­խա­նու­հին ալ, Ռա­պըրթ Ո­ւոլ­թը­րի նման, եր­բեք ոտք չէ կո­խած Ար­ցախ, բայց եր­կու ան­գամ Ատր­պէյ­ճան գա­ցած է: Լ.Ղ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը յայտ­նէ, թէ Նո­յեմ­բեր 16ին Ե.Խ.Խ.Վ.էն դի­մում ստա­ցած էր պոս­նիա­ցի ե­րես­փո­խա­նու­հին ըն­դու­նե­լու հա­մար: Ս­տե­փա­նա­կեր­տի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը վե­րա­պահ մնա­լով հան­դերձ են­թա­կա­յի տե­ղե­կագ­րին ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ, ի­րենց պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը յայտ­նած են զինք ըն­դու­նե­լու: