25 Նոյեմբերին Արդար Ռուսիա կուսակցութեան նախագահ Սերկէյ Միրոնով յայտարարած է, որ մտադիր է Ռուսիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկման ներկայացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծ:
«Մենք յառաջիկայ օրերուն խորհրդարանին պիտի ներկայացնենք օրինագիծ մը, ինչպէս ատիկա կատարուեցաւ Ֆրանսայի մէջ, որպէսզի երկրին մէջ քրէօրէն պատժուին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողները: Բոլորին համար պարզ է պատմական այդ փաստը` Ցեղասպանութիւնը, որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործադրած է Թուրքիա»,- ըսած է Միրոնով` Թուրքիոյ յիշեցնելով իր անցեալը:
Սերկէյ Միրոնովի համաձայն, Թուրքիան 24 Նոյեմբերին՝ ջախջախելով ռուսական պատերազմական օդանաւ մը՝ անգամ մը եւս հաստատեց, որ միջազգային ահաբեկչութիւնը սնուցանող պետութիւն է: