Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը՝ հաշուի առնելով Նոյեմբեր 12ին ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին իրականացած յարձակումը եւ 2 հայ զինուորական ծառայողներու սպանութիւնը, կոչով դիմած է Ա.Մ.Ն. իշխանութիւններուն, որպէսզի անոնք խելամտութիւն դրսեւորեն եւ
իրագործեն Քոնկրէսի արտաքին հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյսի, դեմոկրատ Էլիոթ Էնկելի եւ այլ քոնկրէսականներու ներկայացուցած առաջարկները:
«Ատրպէյճանցի դիպուկահարներու կողմէն 2 հայ զինուորական ծառայողներու (Վահէ Վանոյեան, Միքայէլ Թորոսեան) սպանութեան դէպքը ահազանգ է այն մասին, որ պէտք է անյապաղ իրագործել Ռոյսի եւ Էնկելի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած խաղաղարար առաջարկները: Ատիկա պարտադիր նախապայման է մարդկային կեանքերը փրկելու ու պատերազմը կանխելու համար»,- կը նշէ յանծնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
Այժմ Հայ Դատը սկսած է առցանց արշաւ, որուն նպատակն է Քոնկրէսի անդամները համոզել` նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին վրայ, տուեալ առաջարկներու իրագործման հարցով, ճնշում գործադրելու:
Ռոյսի եւ միւս քոնկրէսականներու ներկայացուցած առաջարկները կ՝ենթադրեն`
1.- Սահմանագիծէն հակամարտող կողմերու դիպուկահարներու հեռացում։
2.- Սահմանագծին Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակին կողմէ վերահսկուող նորարարական համակարգերու տեղադրում, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան յստակ գիտնալու, թէ ո՞ր մասէն կ՝իրականացուի յարձակումը։
3.- Սահմանագծին աւելի մեծ թիւով Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի մշտադիտարկողներու տեղակայում, ինչ որ թոյլ կու տայ աւելի յստակ արձանագրելու հրադադարի խախտման դէպքերը: