Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 20րդ տարեդարձին կապակցութեամբ, «Նեզաւիսիմաիա Կազեթա» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան յայտնած է, որ ԼՂՀի մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացի բոլոր փուլերուն՝ իբրեւ լիիրաւ կողմ, խնդիրի համապարփակ կարգաւորման միակ ճամբան է:
Շեշտելով, որ առանց Ղարաբաղի մասնակցութեան, հակամարտութեան կարգաւորումը իրական չէ՝ նախագահ Սահակեան ըսած է. «Դա, ի դէպ, ընդունում են նաեւ միջազգային միջնորդները, օրինակ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահները:
Ստեփանակերտը պատրաստ է ուղիղ բանակցութիւնների Պաքուի հետ եւ քննարկել ցանկացած խնդիր: Կարծում եմ, որ բանակցային գործընթացի ձեւաչափի լիարժէք վերականգնումը միայն ժամանակի հարց է, եւ ինչքան շուտ դա տեղի ունենայ, այնքա՛ն քիչ ժամանակ կը պահանջուի հիմնախնդրի վերջնական կարգաւորման համար»:
Ան նշեց, որ ամէն պարագայի աշխարհաքաղաքականութիւնը եւ շահերու բախումը իրենց տեղը կը զիջին իրաւունքին եւ բարոյականութեան, որուն վառ ապացոյցն է վերջին 3-4 տարիներուն ընթացքին անցեալին չճանցուած պետութիւններու ճանաչման հոլովոյթի նոր հանգրուանը:
Ըստ նախագահ Բ. Սահակեանի, Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումը չի պայմանաւորուիր արդէն ներկայ նախադէպերով. Լեռնային Ղարաբաղը պիտի շարունակէ պայքարիլ միջազգային ճանաչման համար անկախ նախադէպերէն, քանի որ անոր համար կան բացարձակապէս բոլոր հիմքերը՝պատմական, իրաւական, քաղաքական եւ բարոյական:
Անդրադառնալով ԼՂՀ միջազգային ճանաչումին՝ նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ Արցախի անկախութիւնը չճանչնալու իրաւական հիմքեր գոյութիւն չունին: «Այլ բան է, որ կան աշխարհաքաղաքական մոտիվներ, տարբեր շահեր եւ այլն, որոնք որոշակիօրէն ձգձգում են մեր ճանաչումը»:
ԼՂՀ նախագահը ողջունելով անկախութեան 20-ամեակը նշած է թէ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք անքակտելի եռամիութիւնը ԼՂՀ անկախ պետականութեան հիմքերէն մէկն է: