Դպրոցական Երեխայի Համար Անհրաժեշտ Է Նուազագոյնը 17 Հազար Դրամ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուսումնական նոր տարին, Հայաստանի տարրական դասարաններու երեխաները դպրոց կարելի է ուղարկել՝ կատարելով առնուազն 17,000 դրամի (շուրջ 50 տոլարի) գնումներ:

Օգոստոս 30ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, «Սոցիոմետր» հասարակական հարցադրումներու կեդրոնի ղեկավար Ահարոն Ադիբեկեան նշեց, թէ նշուած գումարին մէջ կ՛ընդգրկուին վերնաշապիկը, տաբատը, կօշիկը, պայուսակը ու գրենական հիմնական պիտոյքները, սակայն հաշուի չեն առնուած ձմեռնային հագուստները: Ա. Ադիբեկեան աւելցուց, որ «Սոցիոմետր»ի խումբը այցելած է վաճառքի կեդրոններ եւ հրապարակած է նուազագոյն գիները: Նախորդ տարուան համեմատ, գնային մակարդակի ոչ մեծ նուազում կը նկատուի: