Ընթացքի մէջ են Հայաստանի Հանդրապետութեան անկախութեան 20-րդ տարեդարձի նախապատրաստական աշխատանքները:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Վիգէն Սարգսեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին տեղեկութիւններ տուաւ յառաջիկայ ձեռնարկներուն համար:

Ինչպէս ծանօթ դարձաւ՝ յոբելենական տօնակատարութիւնները պիտի  խտանան անկախութեան բուն օրուան նախորդող եւ յաջորդող շրջանին: Գագաթնակէտը պիտի ապրուի Սեպտեմբեր 21-ին:
Սփիւռքի մէջ ալ կարեւոր ձեռնարկներով պիտի նշուի այս հանգըրւանը: Հայաստանի բոլոր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները կը նախատեսեն ընդունելութիւններ, համերգներ, ցուցահանդէսներ եւայլն: Հա-մայնքային կառոյցները կը կատարեն ձեռնարկներ:
Անկախութեան տօնի օրուան շրջանին Հայաստանի երիտասարդական նուագախումբը համերգաշարով հանդէս պիտի գայ Պել- ճիքայի, Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի մէջ: Արտասահամանի հետ նախատեսուած են նաեւ երիտասարդ լուսանկարիչներու եւ գեղանկարիչներու ցուցահանդէսներ: Իսկ Փարիզի մէջ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր «Օլիմփիա» յայտնի համերգասրահին մէջ ելոյթ մը պիտի ունենայ, ձօնուած Հայաստանի Անկախութեան 20- ամեակին:
Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի անկախութեան 20-ամեայ տարեդարձին առթիւ հայ ժողովուրդին համար իւրօրինակ «նուէր» մը պիտի ըլլայ Մատենադարանի նոր մասնաշէնքի բացումը: Ժամանակակից սարքաւորումներով գերյագեցած նոր մասնաշէնքը միեւնոյն ժամանակ իր ճարտարապետական դիմագիծով եւ լուծումներով կը համապատասխանէ հին ձեռագրերու պահպանման ամենախիստ պահանջներուն: Մատենադարանի նոր մասնաշէնքի բացման օրն իսկ պիտի սկսին ներկայ շէնքի վերանորոգման աշխատանքները: Հաշուի առնելով որ 2012 թուականին Երեւան պիտի ըլլայ գիրքի համաշխարհային մայ-րաքաղաք, Մատենադարանի ներկայ շէնքին համար ներկայանալի վիճակ մը պիտի ապահովուի մինչեւ այդ փուլը:
Նաեւ, Հայաստանի Անկախութեան 20-ամեակին առթիւ պաշտօնապէս պիտի բացուին «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի նոր մասնաշէնքը, նոր հեծանուահրապարակ, ինչպէս նաեւ «Փոքր Մհեր» կրթահամալիրի նոր ռազմամարզական կեդրոնը:


Ցուցադրութիւն՝ Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ

ՀՀ Անկախութեան 20-րդ տարեդարձի միջոցառումներու ծիրէն ներս Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացուեցաւ «Խորհրդային Հայաստան» եւ «Անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը» մշտական ցուցադրութիւնները:
«Խորհրդային Հայաստան» ցուցադրութեամբ առաջին անգամ այցելուին կը ներկայացուին 1920թ. Հայաստանի խորհրդայնացման եւ հետագայ գրեթէ 70 տարիներու պատմութեան առնչուող բացառիկ փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, պետական նշանաւոր գործիչներու անձնական իրեր: Ներկայացուած նմուշներուն վերաբերող բացատրագրերը, քարտէսները եւ ժամանակագրական աղիւսակները  ցոյց կուտան  պետական համակարգի, երկրի տնտեսութեան, մշակոյթի ստեղծման ու զարգացման ընթացքը:
Առանձին բաժնով կը ցուցադրուի հայ ժողովուրդի մասնակցութիւնը Հայրենական Մեծ  պատերազմին: Հայազգի   մարշալներու, գեներալներու, սպաներու եւ զինուորներու անձնական իրերն ու փաստաթուղթերը, լուսանկարները, նամակներն ու պարգեւները ֆաշիզմի դէմ պայքարին մէջ հայ ժողովուրդի ունեցած            անգնահատելի հերոսական  ներդրման խօսուն վկայութիւններն են:
Եզրափակող հատուածով ներկայացուած են յետպատերազմեան Հայաստանի տնտեսական, մշակութային կարեւոր իրադարձութիւններուն վերաբերող փաստաթուղթեր եւ ցուցանմուշներ:
«Անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը» ցուցադրութիւնը կÿամփոփէ Հայաստանի անկախութեան եւ ինքնիշխան պետութեան կայացման ճանապարհը՝ 1988-էն սկսած: Ժամանակագրական տախտակները եւ վաւերագրական լուսանկարները այդ դժուարին ճանապարհի կարեւորագոյն հանգրուանները կը ներկայացնեն:

Նոր յուշադրամներ եւ նամականիշներ  ՀՀ Անկախութեան 20-րդ տարեդարձի առթիւ

ՀՀ Կեդրոնական դրամատան եւ «Հայփոստի» անմիջական մասնակցութեամբ Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ ՀՀ Անկախութեան 20-րդ տարեդարձի միջոցառումներու ծիրէն ներս բացուեցաւ  «Հայաստանի Հանրապետութեան նամականիշները» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական դրամատան յուշադրամները» ժամանակաւոր  ցուցահանդէսները:
Հայաստանի կեդրոնական դրամատան եւ «Հայփոստի» վերոնշեալ ցուցադրութիւններուն մէջ ներկայացուած են 1991 - 2011 թուականներուն թողարկուած յուշադրամներու եւ նամականիշներու նմուշներ:
ՀՀ անկախութեան 20 ամեակի առիթով թողարկուած է երկու նամականիշ, որոնցմէ մէկի վրայ պատկերուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական զինանշանը եւ եռագոյնը, իսկ միւսը կը ներկայացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական զինանշանը եւ պետական դրօշը: Իւրաքանչիւր նամականիշ տպագրուած է 40.000 օրինակով՝ 330 եւ 380 անուանական արժէքներով: Շրջանառութեան մէջ դրուեցան 2011թ.-ի Սեպտեմբեր 13-էն:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20 տարիներու ընթացքին ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը թողարկած է շուրջ 150 յուշադրամ:
ՀՀ անկախութեան 20-ամեայ յոբելեանին նուիրուած այս ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են շուրջ 4 տասնեակ ոսկէ եւ 100 արծաթէ յուշադրամներ, ինչպէս  Հայոց չորս թագաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան 10, 15, եւ 20-ամեակներուն նուիրուած յուշադրամները: Ցուցադրութեան մէջ առանձնակի տեղ կը գրաւեն հայոց հաւատքը արտացոլող յուշադրամները՝ մեր գոյապահպանման  ու պատմութեան անբաժան իրողութիւնը հանդիսացող եկեղեցիներու ու միաբանութիւններու պատկերներով:
Ցուցադրութեան մէջ նիւթերու բաժանումներով ներկայացուած են նաեւ անուանի անհատներուն, յուշարձաններուն, Հայաստանի մշակոյթին, պատմութեան, Հայաստանի բուսական ու կենդանական աշխարհին, ինչպէս նաեւ տարբեր սպորտային իրադարձութիւններուն նուիրուած յուշադրամներ:
ՀՀ կեդրոնական դրամատունը կը մասնակցի նաեւ շարք մը միջազգային դրամագիտական ծրագրերու, որոնց ծիրէն ներս եւս թողարկուած են 5 տասնեակի հասնող յուշադրամներ: