ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակին հրապարակած տուեալներուն համաձայն, վերջին օրերուն ատրպէյճանական անօդաչու ինքնաթիռները բաւական մեծ յաճախականութեամբ հետախուզական թռիչքներ կատարած են սահմանային գօտիի ամբողջ երկարութեամբ, իսկ որոշ պարագաներու՝ նոյնիսկ խախտած են Արցախի օդային սահմանը:


Պաշտպանութեան բանակի հակաօդայիններու կողմէ նման բնոյթի թռիչքներ հաւաստանշուած են վերջին տասնօրեակին եւ անոնց կանխարգիլման նպատակով իրակա նացուած են համապատասխան քայլեր:

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուած ուժերը Երկուշաբթի, 12 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7:30ին, ոչնչացուցած են Արցախի օդային սահմանը խախտած ատրպէյճանական անօդաչու թռչող ինքնաթիռը:
Պաշտպանութեան բանակի Հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) եւ ռատիօ-ելեկտրոնային պայքարի ստորաբաժանումներուն կողմէ ձեռնարկուած յատուկ միջոցառումներուն շնորհիւ, Մարտունիի Վազգէնաշէն գիւղին մօտերը վար առնուած է ատրպէյճանական զինուժի մէկ անօդաչու թռչող սարքը:
Ղարաբաղի սահմանագիծին արձանագրուող հրադադարի խախտման զուգահեռ, վերջին շրջանին նկատելի աշխուժութիւն սկսած է ցուցաբերելու նաեւ ատրպէյճանական օդուժը, որ կ՛իրականացնէ ինչպէս մարտա-ուսումնական, այնպէս ալ հետախուզական բնոյթի թռիչքներ:
Նշենք, որ Հայաստանի բանակը եւս իր տրամադրութեան տակ ունի անօդաչու ինքնաթիռներ, որոնք հանրութեան պիտի ցուցադրուին անկախութեան տարեդարձին առթիւ տեղի ունենալիք զօրահանդէսին ընթացքին: