ԵԱՀԿ-ի մէջ ՀՀ առաքելութեան ղեկավարի կարգավիճակով Աշոտ Յովակիմեանը Հոկտեմբեր 7-ին հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ Գլխաւոր քարտուղար Լամբերտօ Զաննիէրի հետ: Հոկտեմբեր 11-ին ՀՀ մշտական ներկայացուցիչին ընդունեց ՕՊԵԿ-ի Զարգացման հիմնադրամի /OFID/ գլխաւոր տնօրէն Սուլէյման Ալ-Հերբիշը:


Հունգարիոյ մէջ դիւանագիտական առաքելութեան աւարտի կապակցութեամբ դեսպան Աշոտ Յովակիմեանը Հոկտեմբեր 4-ին հանդիպումներ ունեցաւ Հունգարիոյ նախագահ Պալ Շմիտի, խորհրդարանի նախագահ Լասլօ Կյովերի եւ ԱԳ նախարարութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պետեր Շտարայի հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին  հունգարական կողմը իր գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց դեսպան Յովակիմեանին Հունգարիոյ մէջ ՀՀ դեսպանի պաշտօնին ծաւալած արդիւնաւէտ գործունէութեան համար՝ նշելով, որ Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ յարաբերութիւնները այդ տարիներու ընթացքին ուժեղ զարգացում ապրեցան եւ երկկողմ, եւ բազմակողմ ձեւաչափերով:
Նախագահ Պալ Շմիտը բարձր գնահատեց դեսպանի դերը վերջին հինգ տարիներու ընթացքին հայ-հունգարական յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման գործով: Նախագահ Շմիտը նշեց, որ մեծ նշանակութիւն կուտայ ԵՄ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի իրականացման, եւ այդ ծիրէն ներս կÿակնկալէ նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացում:
Հունգարիոյ խորհրդարանի նախագահ Լասլօ Կյովերը նոյնպէս գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւններու առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ պարոն Յովակիմեանին պարգեւատրեց Հունգարիոյ խորհրդարանի յուշամետալով՝ ի նշան հայ-հունգարական խորհրդարանական հա- մագործակցութեան ընդլայնման:
Սլովակիոյ մէջ դիւանագիտական առաքելութեան աւարտի կապակցութեամբ դեսպան Աշոտ Յովակիմեանը Հոկտեմբեր 5-ին Պրաթիսլաւայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Սլովակիոյ  նախագահի աշխատակազմի արտաքին կապերու վարչութեան պետ դեսպան Եան Շոթի, ԱԳ նախարարութեան պետքարտուղար Միլան Եժովիցայի եւ ԱԳՆ Արեւելեան Եւրոպայի, Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանային վարչութեան պետ Մարիան Եակուբոցիի հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին սլովակեան կողմը բարձր գնահատեց Աշոտ Յովակիմեանի՝ Սլովակիոյ մէջ ՀՀ դեսպանի պաշտօնին  ծաւալած արդիւնաւետ գործունէութիւնը՝ նշելով, որ Հայաստանի դեսպանը իր լուրջ ներդրումը ունեցաւ տարբեր ձեւաերկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման գործով:
Սլովակիոյ նախագահի աշխատակազմի արտաքին կապերու վարչութեան պետ Եան Շոթը Հայաստանի դեսպանին յայտնեց, որ իր երկիրը կը կարեւորէ երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման եւ փոխայցելութիւններու իրականացման անհրաժեշտութիւնը: