Հոկտեմբեր 11-ին համատեղութեան կարգով Մոնաքոյի Իշխանութեան մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեան իր հաւատարմագրերը յանձնեց Մոնաքոյի Իշխան Ալպերթ Երկրորդին:


Հաւատարմագրերու յանձնման պաշտօնական արարողութեան յաջորդած առանձնազրոյցի ընթացքին Մոնաքոյի Իշխան Ալպերթ Երկրորդը, շնոր-հաւորելով դեսպանին, ողջունեց Մոնաքոյի մէջ Հայաստանի առաջին դեսպանի հաւատարմագրումը եւ համոզմունք յայտնեց, որ այդ հանգամանքը խթան կը հանդիսանայ երկու երկիրներու միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման համար: ՀՀ դեսպանը կարեւոր նկատեց Մոնաքոյի Իշխանութեան հետ Հայաստանի երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացումը, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը այնպիսի միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս, ինչպիսիք են ՄԱԿ-ը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, Եւրոպայի Խորհուրդը, Ֆրան-քոֆոնիայի Միջազգային կազմակերպութիւնը: