Հոկտեմբեր 11-ին համատեղութեան կարգով Փորթուկալի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Կարապետեանը իր հաւատարմագրերը յանձնեց Փորթուկալի Հանրապետութեան նախագահ Անիբալ Կավակօ Սիլվային:

Յանձնման պաշտօնական արարողութեան հետեւած զրոյցի ընթացքին դեսպան Կարապետեանը Փորթուկալի նախագահին փոխանցեց ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի բարեմաղթանքներն ու Հայաստան այցելելու հրաւէրը:
Հանդիպման զրուցակիցները կարեւորեցին երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը եւ որակական նոր մակարդակի բարձրացնելու ուղ-ղութեամբ գործօն քայլերու ձեռնարկումը: Փորթուկալի նախագահը անդրադարձաւ հայ-փորթուկալական պատմական առնչութիւններուն՝ մասնաւորա-պէս ընդգծելով Գ. Գիւլբենկեանի գործունէութեան ու անոր թողած ժառան-գութեան դերը Փորթուկալի համար:
Փորթուկալ այցի ընթացքին ՀՀ դեսպանը հանդիպումներ ունեցաւ  գլխաւոր կառավարական եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հետ, ուր քննար- կուեցան հայ-փորթուկալական տնտեսական կապերու խթանման, ինչպէս նաեւ փոխ այցելութիւններու իրականացման հետ կապուած շարք մը հարցեր:
Այցի ընթացքին դեսպան Ռուբէն Կարապետեանը այցելեց Գ. Գիւլբենկեան թանգարան ու ծաղկեպսակ զետեղեց մեծանուն հայի յուշարձանին: