Հայաստանեան շարք մը թերթերու խմբագիրներ յայտարարութիւն տարածած են՝ ՀՀ քաղաքացիական օրէնսգրքի յօդուած 1087.1-ով սահմանուած դրոյթները եւ անոնց դատական կիրառումը համարելով հակասահմանադրական:

Անոնք Սահմանադրական դատարանին կոչ կþուղղեն մինչեւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ՍԴ ուղարկուած դիմումի հարցով վերջնական որոշման կայացումը՝  միջոցներ գործադրել Քաղաքացիական օրէնսգիրքի վիճարկուող յօդուածի գործնական կիրառումը կասեցնելու նպատակով: Ստորեւ կը ներկայացուի յայտարարութիւնը.-

ՀՀ Քաղաքացիական օրէնսգիրքին մէջ 2010ին կատարուած փոփոխութիւնները (յօդուած 1087.1), որոնց յայտարարուած նպատակը «զրպարտութիւն» եւ «վիրաւորանք» հասկացութիւններըւ ապաքրէականացումն էր, վերածուած են խօսքի ազատութեան, տեղեկութիւններ փնտռելու, ստանալու եւ տարածելու սահմանադրական չափանիշներու գործնական կիրառումը խոչընդոտող գործիքի:
Մեծցող յաճախականութեամբ տպագիր լրատուամիջոցներուն դէմ դատական հայցեր կը յարուցուին, որոնց հիմնական նպատակը մեծ տուգանքներու գնով թերթերու գործունէութիւնը դադրեցնելն է, կամ անոնց ներքին գրաքննութեան կանոններ պարտադրելը:
Մենք՝ Հայաստանի մէջ լոյս տեսնող թերթերու ներքոստորագրեալ խմբագիրներս, ՀՀ քաղաքացիական օրէնսգիրքի յօդուած 1087.1-ով սահմանուած դրոյթները եւ անոնց դատական կիրառումը կը համարենք հակասահմանադրական, որուն հեռահար նպատակը ՀՀ քաղաքացիները տեղեկատուական տպագիր այլընտրանքներէն զրկելն է:
Հաշուի առնելով, որ ՄԻ պաշտպանը դիմած է Սահմանադրական դատարան, ՀՀ Քաղաքացիական օրէնսգիրքի 1087.1-րդ յօդուածի՝ ՀՀ Սահմանադրութեան 14րդ յօդուածին, 27րդ յօդուածի 1ին, 2րդ եւ 3րդ մասերուն եւ 43րդ յօդուածին համապատասխանութեան հարցը որոշելու խնդրանքով, Սահմանադրական դատարանին կոչ կþուղղենք մինչեւ վերջնական որոշման կայացումը միջոցներ գործադրել Քաղաքացիական օրէնսգիրքի վիճարկուող յօդուածի գործնական կիրառումը կասեցնելու նպատակով:
Կþընդգծենք նաեւ, որ պատրաստ ենք լիազօրուած անձերու միջոցով պատկան մարմիններուն ներկայացնել իրավիճակի յաղթահարման յստակ առաջարկներ:
Միեւնոյն ժամանակ կը յայտարարենք, որ անկախ դատական եւ այլ կարգի հետապնդումներէ՝  հաւատարիմ պիտի մնանք ընթերցողներուն տեղեկութիւններ տրամադրելու մեր մասնագիտական պարտքին, եւ հետեւողականօրէն պիտի պայքարինք խօսքի ազատութեան, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ փնտռելու, ստանալու, տարածելու Սահմանադրական իրաւունքի պաշտպանութեան համար:Յայտարարութիւնը ստորագրած են
«Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր  խմբագիր Արամ Աբրահամեան,
«Երկիր» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Եսայեան,
«Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արման Պապաճանեան,
«Ժողովուրդ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Թագուհի Թովմասեան,
«Հայկական ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր Աննա Վ. Յակոբեան,
«Հրապարակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արմինէ Օհանեան,
«168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Սաթիկ Սէյրանեան,
«Չորրորդ ինքնիշխանութիւն» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շողեր Մաթեւոսեան: