Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Ֆրիտիոֆ Նանսենի արձանին

Նանսենի անունն ու գործը մինչեւ այսօր կը յիշուին հայութեան կողմէ: Հայաստանի մէջ իր տեղը գտաւ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամի կիսանդրին: Նոյեմբեր   9-ին արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեանը եւ Նորվեկիոյ իր պաշտօնակից  Եոնաս Գահր Ստյորն բացումը կատարեցին Աբովեան փողոցին վրայ գտնուող արձանին:

Ողջունելով հիւրի ներկայութիւնը նախարար Նալբանդեան նշեց, հայ-նորվեկիական համագործակցութեան ընդլայնման ուղիները շատ են:
Շնորհակալութիւն յայտնելով  ջերմ ընդունելութեան համար՝  Եոնաս Գահր Ստյորն գոհունակութիւն յայտնեց, որ իր այցելութիւնը կը համընկնի Հայաստանի մէջ  մեծ շուքով նշուող իր անուանի հայրենակից Ֆրիտիոֆ Նանսենի ծննդեան 150-ամեակի միջոցառումներուն հետ:
Իր այցելութեան ծիրէն ներս, Նորվեկիացի նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ, քննարկելով տնտեսական, կրթական, երկու երկիրներէն ներս ազատ մուտքի փոխադարձ արտօնութեան եւ այլ բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան հարցեր:
Տեղի ունեցաւ համաձայնագիրներու ստորագրում: