- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Լուրջ հետազօտութիւններ՝ առողջապահութեան, բնակարանաշինութեան եւ զբաղուածութեան ոլորտներուն մէջ
Նոյեմբեր 8-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Սոցիալական բարեփոխումները Հայաստանում» հետազօտութիւններու ներկայացումը, կազմակերպուած՝ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի կողմէ, գերմանական «Ֆրիտրիխ Էլբերտ» հիմնադրամի աջակցութեամբ։
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
«Զուարթնոց» օդակայանի մեկնումի նոր սրահի բացումը յատկանշուեցաւ առաջին ուղեւորի պարգեւատրմամբ: Սանք Փեթըրպուրկ մեկնող Ֆենիա Եղիազարեանին տրուեցաւ առաջին ուղեւորի վկայականը եւ duty free-էն 100 տոլարի չափով գնումներ կատարելու հնարաւորութիւն: Ընկերուհիի մը տղու հարսանիքին մեկնող Ֆենիա Եղիազարեան քաղցրեղէն եւ հայկական քոնիակ գնեց հիւրընկալող ընտանիքի համար:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Շաբաթ, 08 Հոկտեմբեր, 2011
Առաւօտ կանուխ ճամբայ կ'ելլենք Երեւան երթալու։ Այս շաբաթավերջը չափազանց խճողոած է Հայաստանի տարածքին։ Թարգմանչաց տօնն է, եւ ըստ սովորութեան, գրողները պիտի այցելեն Օշական եւ ապա հոն այս տօնին նուիրուած միջոցառում կայացնեն։ Էջմիածինը կը նշէ իր ծննդեան տօնը եւ բացօդեայ բազմաթիւ միջոցառումներ, պատմական դէպքերու թատերական ներկայացումներ, եւայլն։ Արենիի մէջ կը նշեն Գինիի Տօնը։ Լոռիի մէջ՝ Բերքի տօն է, իսկ Սիւնիքի մէջ՝ Հացի տօն։
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Հոկտեմբեր 28էն ի վեր, Հայաստան կը գտնուէին աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ գործող ասորիական համայնքներու ներկայացուցիչներ, որոնք շարք մը հանդիպումներ ունեցած են ո՛չ միայն Հայաստանի ղեկավար մարմիններուն, այլեւ հայաստանաբնակ ասորական համայնքին հետ:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ

Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորներու համոզմամբ, կառավարութեան ներկայացուցած 2012 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծը չի տար բնակչութեան առջեւ ծառացած սոցիալ-տնտեսական հարցերու պատասխանը: