Նոյեմբեր 5ին, պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ հանդիսաւորութեամբ նշուած է հայկական զինուած ուժերու հետախուզութեան վարչութեան ստեղծման 19րդ տարեդարձը: Հայ հետախոյզները ցուցադրական մարզանքներով ցոյց տուած են իրենց ճարտարութիւնը ու  ներկաներուն զարմացուցած են իրենց մարմնական պատրաստուածութեամբ: