Վիեննայի մէջ Միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Արման Կիրակոսեանը Վիեննայի ՄԱԿ-ի գրասենեակի գլխաւոր տնօրէն, ՄԱԿ-ի Թմրամիջոցներու եւ յանցաւորութեան դէմ պայքարի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Եուրի Ֆեդոտովին յանձնեց իր նշանակման մասին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի նամակը:
Գործադիր տնօրէնը, ողջունելով դեսպան Արման Կիրակոսեանին, ներկայացուց ՄԱԿ-ի Թմրամիջոցներու եւ յանցաւորութեան դէմ պայքարի գրասենեակի նպատակները, անդրադարձաւ Հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ առկայ խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ երկկողմ մակարդակներուն համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն:
Մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Կիրակոսեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, անդրադարձաւ թմրամիջոցներու դէմ պայքարի ոլորտէն ներս Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացող ծրագրերուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակել ու ալ աւելի զարգացնել համագործակցութիւնը կազմակերպութեան հետ:
Նաեւ Արման Կիրակոսեանը Միջուկային զէնքի փորձարկման համապարփակ արգելման պայմանագրի կազմակերպութեան (CTBTO) Գործադիր քարտուղար Տիբոր Թոդին յանձնեց իր նշանակման մասին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի նամակը:
Ողջունելով ՀՀ նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչին՝ Գործադիր քարտուղարը գոհունակութիւն յայտնեց կազմակերպութեան հետ ՀՀ համագործակցութեան կապակցութեամբ՝ բարձր գնահատելով Հայաստանի կողմէ Միջուկային զէնքի փորձարկման համապարփակ արգելման մասին համաձայնագրի ստորագրումը եւ վաւերացումը: Տիբոր Թոդը ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութիւնը եւ խնդիրները:
ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Արման Կիրակոսեանը կարեւոր նկատեց ՀՀ համագործակցութիւնը Միջուկային զէնքի փորձարկման համապարփակ արգելման պայմանագրի կազմակերպութեան հետ եւ հետագային արդիւնաւետ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: