Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ նախագահ 

Էդուարդ Շարմազանով պատասխանեց Պիշքեքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առընչութեամբ՝ Հայաստանի վերաբերեալ քննադատութեամբ հանդէս եկած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուին:

Վանի նահանգապետարանը աշխուժութեամբ սկսած է աշխատանքներ կատարել Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի վրայ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցանելու գծով:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Սկաուտական  կեդրոնական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ Երկուշաբթի, 20 Օգոստոս 2012-ին, Հայաստանի մէջ սկիզբ առաւ ՀամաՀՄԸՄ-ական խմբապետական 6-րդ համագումարը՝

ԵՈԻՆԵՍՔՕն նշանակալից տարեդարձներու իր ցանկին մէջ ներառած է միջնադարու հայ մեծ գիտնական, ճշգրիտ գիտութիւններու եւ բնագիտութեան հիմնադիր Անանիա Շիրակացիի 1400ամեակը: Այս մասին  լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ աստղագէտ Արեգ Միքայէլեան:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 10-14 Հոկտեմբերին Գերմանիոյ  Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Գիրքի միջազգային 64րդ ցուցահանդէսը, որուն պիտի մասնակցին աշխարհի 100 երկիրներու ներկայացուցիչներ: 15 տարիէ ի վեր Հայաստանը եւս կը մասնակցի այս հեղինակաւոր ցուցահանդէսին։