Հայաստանի Ազգային վիճակագրութեան ծառայութեան կողմէ հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի մէջ մնայուն բնակութիւն հաստատողներուն թիւը՝ Յուլիս 2012ի դրութեամբ, 3 միլիոն 277 հազար է, 2 միլիոն 98 հազարը՝ քաղաքներուն, 1 միլիոն 178.9 հազարը՝ գիւղերուն մէջ։

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի մէջ 30 Յուլիսին արդէն նկարազարդուած էր 76 կամարանցում, որոնց 60ին աշխատանքները կատարուած էին այս տարուան մէջ: Աշխատանքի ընթացքին խորհըրդակցութեան ատեն այդ մասին զեկուցած է Երեւանի գլխաւոր ձեւագծողը՝ նշելով, որ գծուած կամարանցումներուն մէջ նկատի առնուած են նաեւ ինքնաշարժներու կանգնեցումը արգիլող համապատասխան գծանշման աշխատանքներ:

ԵՐԵՒԱՆ.- 2 Օգոստոսին տեղի ունեցած է «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան կողմէ վերանորոգուած Երեւանի մանկական երկաթուղիի հանդիսաւոր բացումը:
Ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Վիկտոր Ռեբեց յայտնեց, որ ընկերութիւնը ստանձնած է Մանկական երկաթուղիի ենթակառուցուածքի վերանորոգութիւնը՝ մեկնելով մանուկներուն շահերէն եւ յօգուտ անոնց, նոյնիսկ անտեսելով այն հանգամանքը, որ անիկա վաղուց չի հանդիսանար

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան այցելեց «Ասպետ» ճամբար, ուր իրենց ամառնային հանգիստը կ՛անցընեն սփիւռքահայ 200 պատանիներ, որոնցմէ 21-ը սուրիահայեր են:
Արցախի «Ապառաժ» պարբերականը կը հաղորդէ, որ վարչապետը հետաքրքրուեցաւ սուրիահայ պատանիներու ճամբարային առօրեային մասին՝  նշելով, որ Արցախը միշտ պատրաստ է ընդունելու Սուրիոյ մեր հայրենակիցները:

«Սուրիոյ մէջ իրավիճակը սրուած է աւելի շատ քաղաքական առումով եւ որեւէ սուր յայտարարութիւն սուրիահայութեան կամ Հայաստանի կողմէ կրնայ վտանգել նոյն սուրիահայերու անվտանգութիւնը» լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նման կարծիք յայտնեց Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանը: