ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 10-14 Հոկտեմբերին Գերմանիոյ  Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Գիրքի միջազգային 64րդ ցուցահանդէսը, որուն պիտի մասնակցին աշխարհի 100 երկիրներու ներկայացուցիչներ: 15 տարիէ ի վեր Հայաստանը եւս կը մասնակցի այս հեղինակաւոր ցուցահանդէսին։


Մշակոյթի նախարարութիւնը հրապարակած է մասնակցութեան դիմումներու ընդունման մասին տեղեկատուութիւնը: Ըստ անոր, այս տարի մասնակցիլ ուզող կազմակերպութիւնները պէտք է ներկայացնեն դիմումներ, իսկ Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կազմելու համար առաջարկներ պէտք է ներկայացնեն հրատարակիչները, գրական գործիչները, գրողները, գրականագէտները, գրաքննադատները:
Դիմումները եւ առաջարկները պէտք է ներկայացուին մշակոյթի նախարարութեան Գիրքի եւ հրատարակչական գործի կեդրոն:
Կեդրոնի տնօրէն Էդուարդ Միլիտոնեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ մասնակիցներուն մասին ոչինչ կրնայ ըսել, որովհետեւ ընտրութիւնները պիտի կատարուին բոլոր դիմումները սերտելէ ետք։
Երիտասարդ գրող Յովհաննէս Թեքգեօզեան, թէեւ դիմում պիտի չներկայացնէ, սակայն պիտի մեկնի Գերմանիա, որովհետեւ «Առաջին հայկական գրական գործակալութիւն»ը որոշում կայացուցած է սեփական միջոցներով ապահովել հեղինակին մասնակցութիւնը։
Էդուարդ Միլիտոնեան յայտնած է, թէ փափաքելի է, որ Գրողներու միութիւնը, հրատարակչութիւնները գումարներ հայթայթեն ու գրողները ուղարկեն Ֆրանքֆուրթ: Անոր համաձայն, նախարարութիւնը կը քաջալերէ նման նախաձեռնութիւններ։
«Առաջին հայկական գրական գործակալութեան» տնօրէն Արեւիկ Աշխարոյեան նշած է, թէ մրցակցութեան խնդիր չկայ. բոլորին նպատակը մէկ է՝ պատշաճ կերպով ներկայացնել մեր գրականութիւնը: «Քանի որ հանդէս պիտի գանք մի քանի հեղինակներով, որոնց պիտի փորձենք առաջ տանել, այդ ցանկը կազմուեց 2012ին թողարկուած գրքերի հեղինակներով՝ Գուրգէն Խանջեան, Արամ Պաչեան եւ Յովհաննէս Թեքգեօզեան», նշած է ան: