ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».-  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան չափազանցուած կը համարէ տարածուած այն լուրերը, ըստ որոնց՝ սուրիահայերը զինուած են եւ սուրիական բանակին հետ կը պաշտպանեն հայկական թաղամասերն ու իրենց տուները:

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Օգոստոս 28-29ին այցելած է հարաւարեւմտեան սահմանային զօրամասեր եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացած է շինարարական ու կառուցապատման լայնածաւալ աշխատանքներուն:

Եղիսաբէթ թագուհիի ներկայութեան եւ փայլուն արարողութեամբ երէկ պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ Լոնտոնի փառաողիմպիական մրցումներուն: Բացման մասնակցեցան 3000 կամաւորներ, 100 երեխաներ եւ 100 արուեստագէտներ:
Մրցումները պիտի աւարտին Շաբաթ 9 Սեպտեմբերին:

Օգոստոս 28-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը հանդիպեցաւ ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի ներկայացուցիչ  Հենրիէթ Արենսին: Հանդիպման ընթացքին նախընտրութիւն տրուեցաւ Հայաստան ժամանած սուրիահայերու, եւ յատկապէս  երեխաներու հիմնահարցերուն:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 27 Օգոստոսի այցելեց Երեւանի Ստեփան Շահումեանի անուան դպրոց՝ հանդիպելու արեւելահայերէնի դասընթացքներու հետեւող սուրիահայ երեխաներուն հետ: