NATOի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի նախագահական նստավայր ժամանելուն ժամանակ երէկ, զայն «դիմաւորեցին» Հ.Յ.Դ. Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու երիտասարդները:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը Չորեքշաբթի, 5 Սեպտեմբերին- 96 կողմ, մէկ դէմ ձայներով հաստատեց յայտարարութիւն մը, ուր կ՛ըսուի.

ՀՅԴ Հայաստանի Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը եւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը մամուլին տարածուած յայտարարութեամբ կը յայտնեն, թէ ՆԱԹՕէն յստակ դիրքորոշում կը պահանջուի, Գուրգէն Մարգարեանի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման գծով:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցով Շիրակի մարզ գտնուեցաւ, ուր մասնակցեցաւ Գիւմրիի նորակառոյց բժշկական կեդրոնի բացման արարողութեան, որու հիմնարկէքին մասնակցած էր դեռ եւս 2010թ. Հոկտեմբեր 23-ին:

Նախանցեալ օր, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, Ս. պատարագի աւարտին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Սուրիոյ  մէջ զինուորական գործողութիւններուն պատճառով զոհուած հայորդիներուն եւ հաւատակիցներուն համար: