«Ես շատ հպարտ եմ, որ հայ եմ: Կապ չունի՝ մենք ո՛ւր կ՛ապրինք, նոյնն է, մեզ միշտ հայ կ՛անուանեն», յայտարարեց Արթուր Աբրահամ,

որ պարտութեան մատնելէ ետք Բռնցքամարտի համաշխարհային կազմակերպութեան (WBO) գեր-միջին ծանրութեան դասակարգի աշխարհի ախոյեան Ռոպըրթ Շտիկլիցը, նուաճեց աշխարհի ախոյեանութեան գօտին:
Մենամարտին համար նախատեսուած 12 ռաունտերէն առնուազն ութին մէջ ակներեւ էր Արթուր Աբրահամի առաւելութիւնը: Ան յաղթեց իրաւարարներու միաձայն որոշումով (116-112, 116-112, 115-113):  «Ես Աբրահամին պիտի ապացուցեմ, որ ես եմ աշխարհի ուժեղագոյնը», մրցումէն առաջ ըսած էր Շտիկլից, որ մրցումի աւարտէն ետք հիւանդանոց փոխադրուեցաւ:
Արթուր Աբրահամ ըսած էր. «Կը խոստովանիմ, որ սիրտս արդէն զբաղած է (ան արդէն նշանուած է): Բայց անձնականին մասին կը խօսիմ միայն մենամարտէն ետք: Մենամարտէն ետք կու գամ Հայաստան, որպէսզի յաղթանակս ընկերներուս շրջանակին մէջ նշեմ: Ես իմ հայրենիքս շատ կը սիրեմ, իմ ծննդավայրս, եւ ամուր կապուած եմ իմ հողիս: Ինծի հետ կապուած որեւէ իրադարձութիւն պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ, հայկական հողի վրայ, հայերով շրջապատուած: Պսակադրութեանս արարողութիւնը պիտի կայանայ Հայաստանի մէջ»: