34րդ տարին ըլլալով, Սանթորինիի մայրաքաղաք Ֆիրայի մէջ կը կազմակերպուի Սանթորինիի երաժշտական փառատօնը, Սեպտեմբեր 2-16ի միջեւ: Գեղարուեստական ղեկավար Աթինա Քափոտիսթրիայի նախաձեռնութեամբ, յատուկ հրաւէր ուղարկուած է Հայաստանէն մեծահռչակ դաշնակահար

Արմէն Բաբախանեանին, որու ելոյթը նախատեսուած է Ուրբաթ Սեպտեմբեր 7-ին: Բաբախանեան յոյն հանրութեան պիտի ներկայացնէ Պեթհովընի, Լիսթի, Պապաճանեանի եւ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններ:
Ընդհանուրին մէջ եօթ համերգներ պիտի կայանան փառատօնին ընթացքին, ուր պիտի մասնակցին Իտալիայէն, Աւստրիայէն եւ Սերպիայէն արուեստագէտներ: Բացումը պիտի կատարուի Կիրակի 2 Սեպտեմբերին ծանօթ յոյն պաս Տիմիթրիս Քավրաքոսի ելոյթով:
www.santorinimusicfestival.com