- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր, 8 Օգոստոսին Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որ Ռուսիա պիտի մեկնի աշխատանքային այցելութեամբ:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի 96 քիլօկրամի ծանրութեան ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան նուաճեց Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալը՝ յաղթելով քուպացի Ֆալկոն Էսդրատային: Ալեքսանեան գերազանց ոճով յաղթանակ բերաւ երկու մրցափուլերուն՝ 2:0 եւ 1:0 արդիւնքով: Մեր երիտասարդ ըմբիշը նախապէս յաղթած էր թուրք մարզիկին՝ Չենք Իլտեմին:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Երեւանի քաղաքապետարանը, Հայաստանի Հանրապետութեան ելեւմտական նախարարութիւնը եւ «Կարէն Դէմիրճեանի անուան Երեւանի մետրոպոլտեն» ՓԲԸ-ն Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան (ՎԶԵԴ) հետ պայմանագիր կնքած են մայրաքաղաքի գիտնուղիի (Metro) վերակառուցման եւ վերազինման աշխատանքներու շարունակականութիւնը ապահովելու համար 5 միլիոն եուրօ տրամադրելու
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ նշեց, որ պէտք է կատարել ամէն ինչ, որպէսզի հայ համայնքը Սուրիոյ մէջ ըլլայ անվտանգ եւ քաղաքական հետապնդումներու չենթարկուի: Ըստ անոր, հայրենի պետութիւնը պէտք է աջակցի եւ համապատասխան պայմաններ ստեղծէ անոնց համար, որոնք կը ցանկան ժամանակաւորապէս վերադառնալ
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
«Սիվիլիթաս»ի կողմէ տրամադրուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ամերիկեան «Կալլուփ» հետազօտական կեդրոնը փորձած է բացայայտել, որ այս կամ այն երկիրի բնակչութիւնը ի՛նչ կը մտածէ իր գտնուած վայրերուն մէջ աշխատանք գտնելու մասին։
Ըստ հարցախոյզի արդիւնքներուն, Հայաստանի մէջ բնակչութեան 86 տոկոսին համաձայն, ներկայիս դժուար է աշխատանք գտնել իր բնակած վայրերուն