Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ նախագահ
Էդուարդ Շարմազանով պատասխանեց Պիշքեքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առընչութեամբ՝ Հայաստանի վերաբերեալ քննադատութեամբ հանդէս եկած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուին:
Տաւութօղլու յայտնած էր, որ Հայաստան պէտք է վերջ դնէ Ատրպէյճանի տարածքի 20 առ հարիւրի բռնագրաւման, քանի որ ատիկա մեծ խոչընդոտ է Հարաւային Կովկասի զարգացման համար:
Պատասխանելով Տաւութօղլուի յայտարարութեան՝ Շարմազանով ընդգծեց, որ Թուրքիոյ քաղաքական վերնախաւի որոշ ներկայացուցիչներ պարբերաբար կ՛առաջնորդուին կեպելսեան քարոզչութեան սկզբունքով՝ եթէ բաւական մեծ սուտ ըսես եւ ատիկա կրկնես, իբրեւ արդիւնք մարդիկ պիտի հաւատան անոր: Առ ի գիտութեան թուրք դիւանագէտին, Շարմազանով նշեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ զարգացման խոչընդոտ կը հանդիսանան նոյնինքն Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը: Ըստ անոր, առաջինը շուրջ երկու տասնամեակէ ի վեր շրջափակման մէջ կը պահէ Հայաստանը, կ՛իրականացնէ ժխտողական քաղաքականութիւն եւ կը մերժէ իր իսկ կողմէ ստանձնուած միջազգային պարտաւորութիւնները, իսկ երկրորդը կ՛արհամարհէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բանակցութիւններուն միտուած ջանքերը՝ շարունակելով բռնագրաւուած պահել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան որոշ տարածքներ:
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ նախագահը շեշտեց, որ եթէ թուրք պաշտօնեան իսկապէս այդքան մտահոգ է Հարաւային Կովկասի զարգացման խոչընդոտումով, ապա արդարացի կ՛ըլլայ, որ կոչ ուղղէ իր երկրին, որպէսզի անիկա կատարէ իր իսկ կողմէ ստանձնուած միջազգային պարտաւորութիւնները, դադրեցնէ փակ պահել Եւրոպայի միակ փակ սահմանը եւ չմիջամտէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին:
ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանի պատասխանը
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան եւս նոյն հարցով պատասխանելով մամուլի հարցումին, դիտել տուած է թէ «Եթէ Թուրքիայի արտաքին գործերի նախարարը իրապէս ցանկանում է նպաստել հակամարտութեան կարգաւորմանը, ապա Թուրքիան չպէտք է փորձի խեղաթիւրել ղարաբաղեան խնդրի էութիւնը, այն է՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը, որին ի պատասխան Ադրբեջանի իշխանութիւնները դիմեցին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դէմ էթնիկ զտումների քաղաքականութեան եւ ինքնորոշուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ լայնածաւալ ագրեսիայի իրականացման: Խնդրի կարգաւորման համար արդիւնաւէտ կը լինէր, եթէ Թուրքիան կարողանար դրդել Ադրբեջանին բանակցել հակամարտութեան իրական կողմի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Թուրքիան առնուազն պէտք է չշարունակի սատարել Ադրբեջանի «ամէն ինչ կամ ոչինչ» դիրքորոշումը եւ բանակցային գործընթացը Մինսկի խմբի շրջանակներից դուրս բերելու փորձերը, որոնք ուղղուած են միջնորդների ջանքերը տապալելուն»: