Հունգարիայէն Հայաստան եկած չորս մտաւորականներ, 10 Հոկտեմբերին այցելեցին Եռաբլուր պանթէոնը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին եւ անոր շիրիմին մօտ հունգարացի ժողովուրդին անունով ներողութիւն խնդրելու հայ ժողովուրդէն:

Հ.Յ.Դ. խմբակցութիւնը 2013 թուականի գարնան կայանալիք Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն իր մասնակցութեան մասին պիտի յայտարարէ Դեկտեմբերին կայանալիք ՀՅԴ Գերագոյն արտակարգ ժողովի գումարումէն ետք.

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ արժանթինահայ յօրինող, «Արաքս» երգչախումբի հիմնադիր, խմբավար Ժան Ալմուխեանի 80-ամեակին եւ 55-ամեայ երաժշտական գործունէութեան մեծարման նուիրուած երեկոն:

Հոկտեմբեր 8-ին Արմենիա Մարիոթ հիւրանոցին մէջ Միացեալ Թագաւորութիւնը ներկայացնող աշխարհահռչակ լեզուաբան, փրոֆ. Տէյվիտ Քրիսթլը եւ Բրիտանական խորհուրդի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Արեւիկ Սարիբեկեանը մամլոյ ասուլիս մը ունեցան։

ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ: Ամստերտամի մէջ Դեկտեմբեր 1-ին կայանալիք «Մանկական Եւրատեսիլ 2012» երգի մրցոյթի հայաստանեան եզրափակիչ փուլին յաղթած Compass band խումբը կը ներկայացնէ Հայաստանը՝ չնայած խումբի ամենակրտսեր անդամի տարիքը կեղծելու մասին լուրերուն: