Անցնող շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրը կրող Լրագրողների համահայկական 6-րդ համաժողովը: Համաժողովի մասնակիցները Աղաւնաձորի մէջ եզրափակեցին ժողովը եւ հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, (որուն կ'անդրադառնանք վաղուան թիւով):

«Հրադադարի կնքումէն արդէն 18 տարի յետոյ Ատրպէյճանը մեզ նոր պատերազմով է որ կը սպառնայ», - «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան խօսելով  յայտնած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

Հոկտեմբեր 4ին Երեւանի պետական համալսարանի Լրագրութեան շէնքի Եղիշէ Չարենցի անուան սրահին մէջ ընթացք առաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով համաժողովը՝ մասնակցութեամբ աշխարհի տարբեր երկիրներէ լրագրողներու, խմբագիրներու, հասարակական գործիչներու:

Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակի վրայ վերջերս զետեղուեցան հայ մեծանուն գրագէտ Եղիշէ Չարենցի եւ յայտնի դերասան Մհեր Մկրտչեանի արձանները, որոնք «տեղաւորուեցան» նստարաններու եզրին՝ տեղ բանալով նաեւ անոնց, որոնք կը փափաքին նստիլ հայոց մեծերու կողքին։

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարութիւն տարածած է Վարդան Օսկանեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցին առիթով: Յայտարարութեան մէջ կը կարդանք.