Լրագրողներու Համահայկական 6-րդ Համաժողովի Մասնակիցներուն Այցը ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. Մետալներ եւ Պատուոյ Գիրեր

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհայեան  հանդիպում ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով լրագրողներու 6-րդ համահայկական համաժողովի մասնակիցներուն հետ: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը, ողջունելով ներկաները, բարձր գնահատեց սփիւռքահայ լրագրողներուն աւանդը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորագոյն գործին մէջ. «Ես հետեւել եմ համաժողովի աշխատանքներին եւ գտնում եմ, որ այն չափազանց կարեւոր գործունէութիւն է իրականացնում»:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան իր հերթին բարձր գնահատեց պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համագործակցութիւնը եւ կարեւորեց բանակին դերը մեր հասարակութեան կեանքին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին «հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով լրագրողներու 6-րդ համահայկական համաժողովի մասնակիցները Սէյրան Օհանեանին ուղղեցին հարցեր, որոնք կը վերաբերէին հայոց բանակի ձեռքբերումներուն եւ թերութիւններուն, զօրակոչի գործընթացին, տարածաշրջանային խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ երկու գերատեսչութիւններուն միջեւ համագործակցութեան:
Հանդիպումը եզրափակուեցաւկ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեամբ: ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի կողմէ  կարգ մը լրագրողներ եւ լրատուամիջոցներու ղեկավարներ արժանացան գերատեսչական մետալներու եւ պատւոգրերու։ Մետալներ ստացողներուն շարքին էին  Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեան, Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի լրագրող Նայիրի Մկրտիչեան, Լիբանանի «Սեւան» ձայնասփիւռի ծրագիրներու տնօրէն Վերա Սիսերեան, voice of Armenia հեռուստաընկերութեան լրագրող Կարինէ Քոչարեան եւ այլք։
Պատուոյ գիրեր ստացողներու շարքին էին Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ»  օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեան, ԱՄՆ-ի «Հայրենիք» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զաւէն  Թորիկեան, Ֆրանսայի  «Նոր Յառաջ» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան, Իրանի «Ալիք»  օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, Լիբանանի «Զարթօնք»  օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Պայծիկ Գալայճեան, Լիբանանի «Ազդակ»  օրաթերթի  լրագրական լուսանկարիչ (ֆոթոլրագրող) Գաբրիէլ Փանոսեան, Չեխիոյ  մէջ հրատարակուող «Օրեր»  ամսագրի խմբագիր Յակոբ Ասատրեան եւ ուրիշներ։

Լրագրողներու Համահայկական 6-րդ Համաժողովի Մասնակիցներուն Յայտարարութիւնը

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուած «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ»  խորագիրով Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի 3-րդ օրը, համաժողովի մասնակիցները Աղաւնաձորի մէջ հանդէս եկան յայտարարութեամբ:
Կարեւորելով հայկական լրատուամիջոցներուն եւ յատկապէս օտարալեզու մամուլին մէջ գործող հայ լրագրողներուն վճռական, ազդեցիկ եւ մասնագիտական դերը Հայոց ցեղասպանութեան, արդարութեան վերականգնման, Հայ Դատի հիմնախնդիրները ներկայացնելու, միջազգային ատեաններ հասցնելու եւ տարբեր երկիրներու մէջ պետական, հասարակական, կարծիքի ձեւաւորման գործին մէջ՝ մասնակիցները յայտարարեցին, որ համաժողովի ընթացքին ներկայացուած Ցեղասպանութեան նուիրուած մասնագիտական 3 տասնեակէն աւելի զեկուցումները, անոնց քննարկումները եւ մտքերու փոխանակումը հերթական անգամ հաստատեցին Հայաստանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի հայ լրագրողներու հետզհետէ աշխուժացող համագործակցութիւնը՝ ի շահ համազգային հիմնախնդիրներու լուծման եւ ի շահ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման:
Յայտարարութեան մէջ համաժողովին մասնակից լրագրողները դիմեցին միջազգային հանրութեան եւ այն պետութիւններու իշխանութիւններուն, որոնք չեն ճանչցած Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, թօթափել անտարբերութիւնը՝ չմոռանալով, որ այդ ախտանիշն է բոլոր կործանումներուն եւ չարիքներուն հիմքը: ճանչնալ եւ դատապարտել 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը նշանակէ մարդկութիւնը հեռու պահել հետագայ չարիքներէն, ցեղասպանութիւններէն: Իրենց յայտարարութեամբ մասնակիցները կը պահանջեն Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն ընդունիլ եւ հատուցել Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ տարբեր ժամանակներու մէջ  հայ ժողովուրդի նկատմամբ գործած յանցանքները: Մասնակիցները վստահութիւն կը յայտնեն, որ Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն Սուրբ նահատակի յիշատակին յառաջիկային կը ծնուին նոյնքան հայ մանուկներ:
Մասնակիցները կոչ ըրին 100 հազար ծպտեալ  կրօնափոխ հայերուն վերադառնալ իրենց հայկական ինքնութեան-արմատներուն:
Միաժամանակ գիտակցելով, որ Ցեղասպանութեան հետեւանքով բռնագաղթուած վերապրողներուն ժառանգորդները առաջինը ընդունեց Սուրիան, եւ այսօր Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ տագնապալի վիճակը, համաժողովի մասնակիցները իրենց անվերապահ եւ ամբողջական աջակցութիւնը  յայտնեցին անոնց:

 

ՆՍՕՏՏ  ԱՐԱՄ  Ա  ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ  ՊԱՏԳԱՄԸ

«ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ ՈՒ ՊԱՀԱՆՋԵԼ. Ա՛ՅՍ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՄԱՆ
ՄԵՐ ՈՒՂԵԳԻԾԸ» ԿþԸՍԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Լրագրողներու 6րդ խորհրդաժողովին առիթով Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Օրհնութեան Գիր մը յղեց համագումարին, ողջունելով հաւաքը: Հիմնական մասերը հետեւեալներն են.-
«Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման ծիրէն ներս անհրաժեշտ է որ լրագրութիւնը առանցքային տեղ ու դեր ունենայ: Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ տեղեկատուական, յարաբերական ու լրագրային ելեկտրոնային միջոցներու անհամեմատ զարգացումը վճռորոշ դեր կը կատարէ ընկերութեան կեանքի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներէն ներս:
Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համազգային յանձնախումբի երկրորդ նիստին, շուրջ երկու շաբաթներ առաջ, այս մասին անդրադառնալով, միջազգային շրջանակներէն ներս Մեր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ,  շեշտեցինք թէ՝ 100-ամեակի նշման մեր ծրագրումը ու գործունէութիւնը պէտք է իրենց ուղղութիւնը ստանան հետեւեալ երեք բառերով արտայայտուող մտածումներէ, ուղղութիւններէ ու մօտեցումներէ. այդ բառերն են՝ ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ ու ՊԱՀԱՆՋԵԼ: Պարզենք Մեր միտքը.
ա) Մեր առաջին հասցէն պէտք է ըլլայ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ, յատկապէս՝ մեր երիտասարդութիւնը: Ոչ միայն Ցեղասպանութիւնը ապրած սերունդը անհետացած է, այլ նաեւ անոր յաջորդող սերունդին տերեւաթափն ալ սկսած է: Մեր ժողովուրդին հաւաքական յիշողութիւնը խիստ կարիքը ունի վերաթարմացման:
բ) 100-ամեակի երկրորդ հասցէն պէտք է ըլլայ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԸ: Այս ծիրէն ներս պէտք է գիտնալ թէ ո՞ւր անհրաժեշտ է կեդրոնացնել մեր աշխատանքը: Այսպէս. իսլամական աշխարհը շատ աւելի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այսօր, քան ափրիկեան հեռաւոր երկիրները: Եւրոպական ցամաքամասին աւելի առաջնահերթութիւն  հարկ է տալ, քան Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներու: Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաները յատուկ տեղ պէտք է գրաւեն մեր աշխատանքներուն մէջ, քան միջազգային ընտանիքի լուսանցքին վրայ գտնուող Աւստրալիան եւ այլ երկրամասեր:
գ) Մեր երրորդ եւ հիմնական հասցէն բնականաբար պէտք է ըլլայ ՑԵՂԱՍՊԱՆ ԹՈՒՐՔԸ: Ինչ ալ ըլլան մեզ շրջապատող պայմանները, ինչ ալ ըլլան մեզ դիմագրաւող դժուարութիւնները, մեր ազգը պիտի մնայ պահանջատէր, որովհետեւ մէկուկէս միլիոն հայու արիւն թափուած է ու հող ու ինչք կորսնցուցած ենք: Շարունակելով հանդերձ Ցեղասպանութեան ճանաչման մեր ճիգը, անհրաժեշտ է որ յատուկ շեշտ դնենք մեր իրաւունքներու հատուցման վրայ:
Այս հսկայ աշխատանքը կը պահանջէ աշխատանքի համադրում ու սերտ գործակցութիւն: Այս ծիրէն ներս հայկական լրատուամիջոցներուն դերը, կը կրկնենք, կը մնայ հիմնական: