Երէկ Գիւմրիի Մուշ-2 եւ Անի թաղամասերուն մէջ երկրի նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ՝ շահագործման յանձնուեցան նորակառոյց 1756 բնակարաններ:

Երէկ Երեքշաբթի 15 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11։15ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Հայաստանէն Սուրիա ուղղուեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեամբ սուրիահայութեան օժանդակելու նպատակով առաջին մարդասիրական օգնութիւնը, որ կը պարունակէ 14 թոն սնունդ (14 հազար տուփ)։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը անցեալ Ուրբաթ օր  տեղեկացած է Երուսաղէմի պատրիարքական փոխանորդ Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանէն, որ Երուսաղէմի մէջ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք՝  կեանքի 93-րդ տարին ի Տէր ննջեց Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ արքեպիսկոպոս Մանուկեանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի հայկական եւ ռուսական կողմերու նախագահներու՝  ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ ՌԴ փոխադրամիջոցներու նախարար Մաքսիմ Սոկոլովի միջեւ  ստորագրուեցաւ ՀՀ եւ ՌԴ միջեւ մինչեւ 2020 երկարատեւ համագործակցութեան ծրագիրը:

Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան նախկին յատուկ ներկայացուցիչ, այժմ Աֆղանիստանի մէջ Շուէտի դեսպան Փիթըր Սեմնեպի, խօսելով ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին, դիտել տուած է թէ լարուածութեան անթոյլատրելի    շեմին կը գտնուի հարցը: